2012-10-23 12:35:22

«Ասսատ Սուրիոյ Մէջ Ազգային Եւ Կրօնական Փոքրամասնութեանց Երաշխաւոր Կը Նկատուի» Կ՛ըսէ Սերկէյ Լաւրով ։


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատ Սուրիոյ մէջ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութեանց երաշխաւոր կը նկատուի»: Ան ըսաւ, որ Ասսատ «Սուրիոյ մէջ բնակող փոքրամասնութեանց, ներառեալ` քրիստոնեաներուն ապահովութիւնը երաշխաւորող անձնաւորութիւն կը նկատուի, նոյնիսկ մեր արեւմուտքցի բարեկամներուն մեզի հետ դռնփակ հաղորդակցութեանց ընթացքին ամէնէն պահպանողական գնահատականին համաձայն: Բնակչութեան ոչ նուազ քան մէկ երրորդը կը շարունակեն անոր աջակցիլ, որովհետեւ անձնաւորութիւն մըն է, որ կոչ ուղղեց, որ Սուրիա չվերածուի երկրի մը, ուր փոքրամասնութիւնները չեն կրնար ապրիլ»:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «դուրսէն պարտադրուած դեղատոմսեր երբեք չեն կրնար իրագործել տեւական արդիւնքներ, որոնք կրնան շարունակուիլ»` աւելցնելով, որ «այդպիսի արդիւնքներու կարելի է հասնիլ միայն երկխօսութեան ճամբով»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի օգնականը յայտարարեց, որ «մօտ օրէն սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ սուրիական երկխօսութիւն մը պիտի տեսնենք»:
Մինչ Լաւրով յայտնեց, որ «Ռուսիա Ատհայի տօնին օրերուն Սուրիոյ մէջ զինադադարի կողքին կը կանգնի», Արաբական Լիկան յայտարարեց, որ Ատհայի տօնին ընթացքին Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման յոյսերը տկար են:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ քննարկած է «Սուրիոյ տագնապին զարգացումները»:
Թագաւորը վերահաստատած է Սուրիոյ միութիւնը պահպանող քաղաքական լուծումի մը ձեռքբերման զօրակցող Յորդանանի կեցուածքը: Թագաւորը նաեւ սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական տարատեսակ օժանդակութիւններ տրամադրելու Յորդանանի ջանքերուն ծաւալը ներկայացուցած է: Էշթըն այս ուղղութեամբ Յորդանանի ջանքերուն իր զօրակցութիւնը յայտնած է:
Յորդանանեան «Ամուն» լրատուական անկախ գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիայէն եկած զինեալներու եւ յորդանանեան սահմանապահ ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած է բախում մը, որուն ընթացքին յորդանանեան բանակէն զինուոր մը սպաննուած է:
Իրաքեան կառավարութիւնը յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը յայտարարած է, որ համաձայն է իր մօտ գտնուող իրաքցի բոլոր ձերբակալեալները առանց նախապայմանի իրաքեան կողմին յանձնելու:
Իրաքի արդարադատութեան նախարարը ըսաւ, որ Մալիքիի կառավարութիւնը միջազգային համաձայնութեանց իրաքեան յանձնախումբը լիազօրած է սուրիական կողմին հետ այս հարցով համաձայնութիւն ստորագրելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.