2012-10-22 13:02:01

Հակա-Սուիրական Զայրոթ Լիբանանի Մէջ։ Պէյրութի Մէջ Բախումներ Կառավարութեան Կեդրոնատեղիի Առջեւ։Զօրավար Ուիսամ Հասանի Յուղարկաւորութեան Կը Յաջորդէ Վարչապետարան Ներխուժումի Ձախող Փորձ Մը.


Լիբանանի Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն` հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասան եւ անոր ընկերակիցը` աւագ ենթասպայ Ահմետ Սահիունի երէկ յանձնուեցան հողին:
Մեծաթիւ բազմութիւն մը հասաւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը, որպէսզի մասնակցի Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ կատարուած յուղարկաւորութեան եւ ապա թաղման արարողութեան, որ կատարուեցաւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանին մօտ: Ուիսամ Հասանի եւ Ահմետ Սահիունիի յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ուիսամ Հասանի եւ Սահիունիի ընտանիքները, իշխանութեան երեք պետերու ներկայացուցիչ, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխաններ եւ ներկաներու հոծ բազմութիւն մը:
Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար նախագահեց յուղարկաւորութեան արարողութեան եւ շեշտեց, որ իրենք եւ նահատակ Ուիսամ Հասան տակաւին կը քալեն նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ուղիով:
Յուղարկաւոր մեծ թիւով երիտասարդներ ապա խուժեցին վարչապետարան, ուր անոնք բախեցան ապահովութեան ուժերուն, որոնք արցունքաբեր կազերով եւ օդին մէջ կրակելով փորձեցին ցրուել յարձակողները:
Բախումներուն պատճառով արձանագրուեցան 15 վիրաւորներ` ներքին ապահովութեան ուժերու շարքերուն մէջ: Քանի մը վայրկեան ետք լիբանանեան բանակի ստորաբաժանում մը ժամանեց վարչապետարան` օժանդակելու համար ապահովութեան ուժերուն եւ ամրապնդելու վարչապետարանին ապահովութիւնը:
Ուիսամ Հասանի յուղարկաւորութենէն վայրկեաններ ետք ամբողջ Լիբանանի ապահովութիւնը ենթարկուեցաւ լուրջ վտանգի, որ սակայն կարելի եղաւ հակակշիռի տակ առնել ապահովութեան ուժերուն կողմէ, ինչպէս նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն ուղղած ինքնազսպումի կոչերէն ետք:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կոչ ուղղեց իր հետեւորդներուն հեռանալու փողոցէն եւ Կեդրոնական Պէյրութի իր ապարանքին պահակները զետեղեց վարչապետարանի ապահովական ուժերուն տրամադրութեան տակ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ իր ուխտը կատարելու համար Սէուտական Արաբիա կը մեկնի, երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընէն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսէն:
Ուշ երեկոյեան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Քլինթընի եւ Միքաթիի միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է` Ուիսամ Հասանի սպանութեան հետաքննութեան գծով ամերիկեան օժանդակութիւն տրամադրելու:
Օգնութիւն Պայթումէն Տուժած
Ընտանիքներուն ։
Լիբանանի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակին վրայ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք այցելած են պայթումէն տուժած բոլոր ընտանիքներուն ու անպատսպառ մնացած ժողովուրդին եւ իբրեւ արագ ու անմիջական դասաւորում, երկու պանդոկներու հետ համաձայնութիւն գոյացուցած են ընդունելու ընտանիքները:
Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը որոշած է, որ Շտապ Օգնութեան Գերագոյն Խորհուրդին աշխատանքը շատ արագ պիտի ընթանայ եւ հատուցումները պիտի կատարուին անմիջական կերպով:








All the contents on this site are copyrighted ©.