2012-10-22 16:10:09

Գրագովիայի Առաջնորդը Հիւրը ''Քաղաքին Մէջ Երկխօսութիւն'' Կոչուած Նախաձեռնութեան։


Հաւատքի տարւոյն առթիւ Իտալիոյ ՍբոլԷթօ քաղաքը նախաձեռնած է ''քաղաքին մէջ երկխօսութիւն'' յայտագիրը, ունենալով որպէս նպատակ Աւետարանի ճանաչումը ու հաւատքի խորացումը։
2012 աշնան նստին կազմակերպիչները հրաւիրած են Գրագովիայի առաջնորդը կարտինալ Ստանիզլաու Ճիվիչ` որ շուրջ 40 տարիներուն ընթացքին եղած է երջանկայիշատակ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի յատուկ քարտուղարը։ Սբոլէթօյի մէջ Կարդինալը կը խօսի երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի մասին որպէս ճշմարիտ հաւատքի վկայ։
Յայտնենք որ կարդինալ Ջվիչ ծնած է Գրագովիայի մէկ արուարցանը, ուր նաեւ կատարած է իմաստասիրական ու աստուածաբանական ուսումները եւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ քաղաքի երբերմնի առաջնորդ կարդինալ Վոյթիվայի ձեռամբ, որ ապա անմիջապէս զինք կանչեց իր յատուկ քարտուղարը ըլլալու։
Երբ կարդինալ Վոյթիվան Քահանայապետ ընտրուեցաւ Հռոմ կանչեց նաեւ քահանայ Ճիվիչը որ մնաց սրբակեաց քահանայապետի մօր մինչեւ անոր մահուան օրը 8 ապրիլ 2005։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 24 մարտ 2006-ին Կարդինալ Ճիվիչը նշանակեց որպէս Գրագովիայի Թոմի առաջնորդ ու անոր պարգեւեց կարդինալական կարգ։








All the contents on this site are copyrighted ©.