2012-10-22 13:14:45

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ֆրանսայի Բողոքական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահը


Շաբաթ, 20 հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի բողոքական եկեղեցիներու նախագահ փասթէօր Իվ Կունելը, ընկերակցութեամբ վեր. Փիեռ Լագոստի եւ վեր. Ռոպեր Սարգիսեանի: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը, յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Յայտնենք, որ Ֆրանսայի բողոքական եկեղեցիները պատմական կապեր ունին շրջանին հետ:
Արամ Ա. Վեհափառը, ընդհանուր արժեւորում մը կատարելով ներկայ կացութեան, շեշտեց, որ արեւմտեան երկիրներուն կողմէ ճիշդ չէ հապճեպ եզրակացութիւններու յանգիլ եւ խիստ դիրքորոշումներ որդեգրել: Անհրաժեշտ է մօտէն հետեւիլ տեղի ունեցող զարգացումներուն` միշտ կառչելով մարդկային իրաւունքներու, արդարութեան եւ խաղաղութեան սկզբունքներուն: Այս ծիրին մէջ վեհափառը յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը աւելի ամրապնդելու անհրաժեշտութեան` յիշեցնելով, որ քրիստոնեայ համայնքները կը պատկանին Միջին Արեւելքին` իբրեւ ծննդավայր քրիստոնէութեան, եւ կը մնան ամրօրէն կառչած իրենց պատմական իրաւունքներուն ու առաքելութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.