2012-10-22 13:05:10

՝՝Լրագրողներու Պաշտպանութեան Կոմիտէն՝՝ Կը Մեղադրէ Թրքական Իշխանութիւնները որոնք կը վախեցնեն ու կը սպառնան լրագրողներուն ։ Բանտարկուած Լրագրողներու Թիւի Համաշխարհային Մրցանիշը կը Պատկանի Թուրքիոյ։ Արգելափակուած Լրագրողներու Թիւը 76։


՝՝Թուրքիան մրցանիշ հաստատած է իր բանտարկեալ լրագրողներու թիւով ՝՝ այսպէս կը յայտարարէ ՝՝Լրագրողներու Պաշտպանութեան Կոմիտէն՝՝. Նիւ Եորք գտնուող կազմակերպութիւնը ուսումնասիրած է մանրամասնօրէն Թուրքիոյ բանտերուն մէջ գտնուող 76 լրագրողներու պարագան,սահմանելով որ անոնցմէ առնուազն 61ը բանտ կը գտնուի իր գրութիւններու ու տարած գործունէութեան հետ սերտ կապակցութեամբ։ Ըստ ՝՝Լրագրողներու Պաշտպանութեան Կոմիտէին՝՝ իսլամ-ազգայնապաշտ վարչապետ Թայյիբ Էրտողան ՝՝յանձնառու է լայնտարած յարձակողական գործառնութեամբ մը, լռութեան մատնելու համար քննադատող լրագրողները՝արգելափակումներով , դատական հետապնդումներով , եւ պաշտօնական սպառնալիքներով։ Տեղեկագիրը կը յայտարարէ որ ՝՝ներկայ կացութիւնը երկրի մամլոյ ազատութեան պատմութեան ամենէն լայնածաւալ հարսատահրումի քարոզչութիւններէն մին է ՜՜։
Բանտարկեալ լրագրողներու մեծամասնութիւնը բանտ դրուած է անոր համար որ անոնք կը ձգտին կամ թէ ՝՝կ՝ենթադրուի՝՝ որ պատկանին քրտական ապօրինի կազմակերպութիւններու կամ թէ ՝՝ կ՝ենթադրուի՝՝ որ պիտի փոըձեն պետական հարուած մը պատրաստել ։ Եւ թէ լրագրողներու երեք քառորդը որպէս ՝՝կանխարգելիչ կալանաւորումով՝՝ բանտ դրուած են տարիներէ ի վեր ։
2011 տարուայ վերջաւորութեան Թուրքիոյ մէջ Լրագրողներու դէմ քրէական 5 հազար դատեր բացուած են ։








All the contents on this site are copyrighted ©.