2012-10-22 13:11:01

«Հայոց Ցեղասպանութեան Ցաւը Կ՛արտայայտեմ Իմ Ձայնիս Մէջ». Սերժ Թանգեան


Ամերիկեան հեղինակաւոր «Հաֆինկթըն Փոսթ» հանդէսը հրապարակած է աշխարհահռչակ հայ երաժիշտ Սերժ Թանգեանի հետ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ան խօսած է իր նոր ձայնասկաւառակին՝ «Հարաքիրի»ի, «Սիսթըմ աֆ ը Տաուն»ի հետ շրջագայութեան եւ իր ձայնին վրայ հայ ժողովուրդի դառն անցեալին ունեցած ազդեցութեան մասին։
«Երբ առաջին անգամ «Սիսթըմ աֆ ը Տաուն» ռոք-խումբը ներկայացուց իր անդրանիկ «հիթ»ը, ակնյայտօրէն զգալի դարձաւ, որ անոնց երաժշտութիւնն ու զգացականութիւնը որոշ ձեւով այլ արմատներ ունին՝ այլ տեղէ մը հասնող: Սերժ Թանգեանի ձայնին մէջ «կ՛աղաղակէ» մշակութային պատմութիւնը, որ զուարճացնելէ բացի, նաեւ կը կրթէ։ Կը կարծեմ, թէ շատ շատեր չէին գիտնար Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, եթէ գոյութիւն չունենար Թանգեանի աշխոյժ գործունէութիւնը», նախաբանին մէջ գրած է լրագրող Էնտրիու Ֆիշը:
Երաժշտական ասպարէզին մասին խօսելով՝ լրագրողը անդրադարձած է Թանգեանի վերջին ձայնասկաւառակին, որուն մէջ «երաժշտութեան միջոցով Թանգեան կը խօսի այնպիսի հրատապ նիւթերու մասին, ինչպէս՝ միջավայրի քայքայումը, իսրայէլ–պաղեստինեան հակամարտութիւնը, ռիալիթի շոերով (իրապատում հաղորդում) յագեցած պատկերասփիւռի կայանները եւ ամերիկեան ընկերութիւնը, որ կը ստեղծէ միջավայր մը, ուր մեծ ընկերութիւններ չափէն աւելի մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան երկրին մէջ տրուող քաղաքական որոշումներուն վրայ»:
Ձայնասկաւառակի վերնագիրի ընտրութեան իմաստով Թանգեան «ներշնչած է» 2011ին ձուկերու եւ թռչուններու զանգուածային վերացումը, զոր երաժիշտը կը բնութագրէ իբրեւ հարագիրի։
«Սիսթըմ աֆ է տոն»ի հետ համաշխարհային շրջագայութեան մասին խօսելով՝ Թանգեան ժպիտով կ՛ըսէ, թէ չի գիտեր ինչպէս տեղի ունեցած է ատիկա։ Ան նշած է, որ միշտ կապի մէջ եղած է խումբի միւս անդամներուն հետ, եւ որ իրենք բազմիցս միացեալ շրջագայութեան առաջարկներ ստացած են, սակայն իրենց ծրագիրներու համադրումը դժուար եղած է։ Վերջ ի վերջոյ բոլորը համաձայնած են միանալ եւ սկիզբը քանի մը ելոյթներ ունենալ Լոս Անճելըսի մէջ, սակայն այդ մէկը վերածուած է համաշխարհային շրջագայութեան:
Վերջաւորութեան լրագրողը Թանգեանին ուղղած է հետեւեալ հարցումը. «Ինծի համար միշտ հետաքրքրական եղած է այն, որ ձեր անցեալը ազդեցութիւն ունեցած է ձայնիդ վրայ»:
«Կը կարծեմ, որ ձայնիս վրայ անցեալին ունեցած ազդեցութիւնը կ՛արտայայտուի մելամաղձոտութեամբ, ինչ որ, անշուշտ, բնորոշ է իմ ժողովուրդիս՝ հայ ժողովուրդին, որ 600 տարի շարունակ ապրած է Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ։ Հայոց Ցեղասպանութեան ցաւը եւս արտայայտուած է իմ ձայնիս մէջ։ Ասիկա այնպիսի երեւոյթ է, որ շատ բարդ է բացատրելը», յայտնած է Թանգեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.