2012-10-20 13:15:40

Վատիկանը Խստիւ կը Դատապարտէ Պէյրութի Մահափորձը։ Հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտիի Յայտարարութիւնը։


Պէյրութի ոճրափորձը խիստ ու վճռակամ պէտք է դատապարտել, ի տես ցոյց տուած անհեթեթ մարդասպան բռնութեան ,եւ որովհետեւ հակառակ է ամէն տեսակի ջանքերու ու յանձնառումի, պահպանելու համար խաղաղ համակեցութիւն մը Լիբանանի մէջ։ Մինչդեռ Լիբանանը ինչպէս որ բազմաթիւ անգամներ կրկնած է Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը կանչուած է ըլլալու՝ խաղաղութեան ու յոյսի պատգամ մը բոլոր անոնց համար որոնք կը բնակին այդ հողաշերտի մէջ։ Մինչ կարեկցութեամբ կը մասնակցինք մեծ ցաւին այն շատ մը անձերու մահուան ու վիրաւորման,կը մաղթենք որ այս սահմռկեցուցիչ դէպքը առիթ չտայ այլ բռնութեանց ծաւալումին (կը գրէ Հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտի Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի Բանբերը հրատարակած Զեկոյցին մէջ)։








All the contents on this site are copyrighted ©.