2012-10-20 12:47:59

2012-ը Հայ Գրքի Տարի


Չարենցին Վերաբերող Նորագոյն Գիրքը՝ «Գիրք Մնացորդաց»ը, Մեծ Աղմուկ Բարձրացուցած Է ։
ԵՐԵՒԱՆ- Գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեան, վերջերս հրատարակած է շարք մը ստեղծագործութիւններ, զորս Չարենց չէ նախատեսած տպագրութեան համար: Աւելի՛ն, այդ գիրքին մէջ գրականագէտը վարկաբեկիչ տեղեկութիւններ հրապարակած է մեծ բանաստեղծին մասին՝ իբր թէ զանոնք հերքելու նպատակով: Գիրքի յառաջաբանին մէջ գրականագէտը՝ հեռանալով գրականագիտական քննութենէն՝ վիրաւորանքներ ուղղած է Աւետիք Իսահակեանին, Գէորգ Էմինին եւ ուրիշներու։
Այս հատորի հրապարակումին համար, Եղիշէ Չարենցի դուստրը՝ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Անահիտ Չարենց, բողոքներ ներկայացուցած է ընդդէմ գրականագէտին՝ Դաւիթ Գասպարեանին, եւ այս բողոքները հասած են իրենց նպատակին, որով նախարարութիւնը արգիլած է գիրքին վաճառքն ու մնացած տպաքանակը յանձնած Չարենցի տուն-թանգարանին՝ պահք դնելու համար:
Գիրքին մէջ յատկապէս տեղ գտած են այն խօսակցութիւնները, որ իբր թէ Չարենց ունեցած է միասեռական հակումներ. այս մէկը չէր կրնար չզայրացնել Չարենցի բանաստեղծութեան երկրպագուներն ու անոր ընտանիքի անդամները:
Վերջինները (Չարենցի ընտանիքի անդամները) կը պատրաստուին դատ բանալու գրականագէտին դէմ, որ իւրովի «սեփականաշնորհած է» Չարենցը, արգելք դրած բոլոր անոնց դիմաց, որոնք կը զբաղին Չարենցի արխիւներով եւ ձեռագիրներով: Օգտագործելով Կոմունիստ կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին մէջ աշխատած տարիներուն իր ձեռք բերած փորձառութիւնը՝ անվտանգութեան մարմիններուն հետ աշխատելու բնագաւառին մէջ, Դաւիթ Գասպարեան կրցած է մուտք գործել արխիւներ, իսկ արխիւային նիւթերը այսօր կ՛օգտագործէ իր քմահաճոյքով եւ ցանկութիւններով:
Մինչ այդ Դաւիթ Գասպարեան ամէնուրեք կը յայտարարէ, թէ գիրքին վրայ արգելքներ դրուած են եւ իր աշխատանքը անարդար կերպով քաղաքական արժեւորումներու կ՛ենթարկուի։
Գրող Էդուարդ Միլիտոնեան՝գրահրատարակչական գործի ազգային գործակալութեան տնօրէն եւ Գրողներու միութեան քարտուղարը, այս առիթով ըսած է. «Ի՜նչ արգելանք, գրականագէտը բառերը պէտք է ճիշդ օգտագործի: Չարենցն ունի ժառանգներ, ժառանգնե՞րն են բողոքել: Եւ յետոյ դա արգելանք չէ, տպաքանակի մի մասը թանգարանին է յանձնուած, ինչպէս Չարենցն է կտակել: Եթէ խօսում է նման բաներ, ուրեմն իրեն կը պատասխանուի ինչպէս հարկն է, ինքը պիտի ամօթ ունենայ: Ինքն ուղղակի խայտառակ է արել Չարենցին… Դաւիթ Գասպարեանն ո՞վ է, որ իրեն Չարենցից բարձր համարի ու իբր լաւութիւն անի Չարենցին: Բանաստեղծի ընտանիքը վիրաւորուած է: Իբր Չարենցին միասեռականութիւնից, թէ չգիտեմ ինչից ուզել է փրկել, բայց աւելի խայտառակ բաներ է արել ի դէպ ըսած է Գրող Էդուարդ Միլիտոնեան ։










All the contents on this site are copyrighted ©.