2012-10-19 12:40:34

Նոր Սերունդը Կը Վերագտնէ Քրիստոնէութեան Գեղեցկութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Վատիկանի հեռուստատեսիլի հետ ունեցած հարացազրոյցի մը ընթացքին անդրադրձած է Նոր Աւետարանութեան մասին, որ ներկայիս սիւնհոդոսական հայրերու խորհրդածութեան նիւթն է։ Նորին Արբութիւնը յայտնած է իր համոզումը թէ Եւրոպայի մէջ ի յայտ կու գայ քրիստոնէութեան նոր գառուն մը ու թէ այս գառնան դերակատարները երիտասարդներն են, որովհետեւ Աւետարանի ճշմարտութիւնը այժմէակն կը մնայ եւ չի ծերանար։
Միաժամանակ Սրբազան Քահանայապետը իր խնդակցութիւնը յայտնած է որ ազգային տարբերութիւնները ինքնին հարց մը չեն նոր Եւրոպային համար։ Գաղափարախօսութիւններու ժամանակը այլեւս անցած է, որովհետեւ անոնք կը ներկայացնեն ճշմարտութեան մէկ բեկորը։ Մինչ Աւետարանը ճշմարիտ է եւ այդ պատճառաւ չի մաշիր, որովհետեւ ճշմարտութիւնը կը մնայ միշտ այժմէական։ Ամէն դարաշրջանին Աւետարանը իր նոր ծաւալը ցոյց կու տայ եւ իր ամբողջ ճշմարտութեամբ կը յայտնուի, այս պատճառաւ Եւրոպային մէջ ի յայտ կու գայ քրիստոնէութեան նոր գառունը։ Երիտասարդները որ այդ գառնան դերակատրաներն են, ծարաւն ունին Աստուծոյ խօսքին։ Անոնք շատ բաներ տեսան գաղափարախօուսութիւններէն ու սպառապաշտութենէն, որ գոհացուցիչ չեն նկատեր քանի ''մարդը ծնած է անսահմանին համար''։ Նոր սերունդները, գիտակից յառաջ կ'ընթանան ու կը հանդիպին քրիստոնէութեան գեղեցկութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.