2012-10-18 12:47:03

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ եւ Հաւատոյ Տարուայ Առթիւ Ձեռնարկներ


- Հինգշաբթի 18 հոկտեմբերին Հռոմի քաղաքապետարանի <> պաշտօնական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նոր աւետարանութեան նիւթին նուիրուած քննարկումի եւ երկխօսութեան օր մը որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Հռոմի քաղաքապետ Տիար Ճաննի Ալէմաննօ, եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար` գերապայծառ Նիքոլա Էթէրովիչ, նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Րինօ ֆիզիքելլա եւ Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն ու Սուրբ աթոռի մամլոյ գրասենեակի պատասխանատու Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին։
Երեկոյեան ժամը 9-ին, քննարկումի այս օրուան առթիւ, Հռոմի երաժշտութեան լսարանաի մէջ նախատեսուած է միջազգային համերգ մը <<Քրիստոնեայ Երաժշտութիւն>> նուագախումբի կատարողութեամբ։


- 2012-2013 տարեշրջանի Սրբազան Քահանայապետի կողմէ հռչակուած Հաւատոյ Տարուայ առթիւ, Հռոմի Սուրբ Պօղոս Անուան Պազիլիքայի մէջ, այսօր` սկիզբ առին հանդիսաւոր արարողութիւններու շարք մը որոնց ընթացքին 4 աւետարանիչներու եւ Սուրբ Պենետիկտոսի մասին խորհրդածութիւններ պիտի կատարուին, նուագի հատոուածներու մէջբերումներով։ Հինգշաբթի 18 հոկտեմբերի հանդիպումի քարոզիչ` հայր Շիքոլոնէ իր խորհրդածութիւնը կըկեդրոնանացնէ Սուրբ Ղուկաս աւետարանիչի վրայ որուն տօնը, ըստ Լատինաց եկեղեցւոյ, կը նշուի նոյն օրը։

- Ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի քրիստոնէականի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Փարիզի, Լիոնի եւ Թուլուզի մէջ նախատեսուած են Հաւատոյ Տարուայ առթիւ քրիստոնէական վարդապետութեան ծաւալումի ազգային յատուկ օր մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.