2012-10-18 12:14:29

Իտալիոյ Համար Շատ Կարեւոր Է Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Կարգաւորումը.(Ծովակալ Տի Փաոլա).


Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Ճամփաօլօ Տի Փաոլա 17 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ Իտալիոյ համար մեծ կարեւորութիւն ունի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը։ Ան յիշեցուցած է, որ Իտալիա կը հանդիսանայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի անդամ, որ կ՛աջակցի Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով:
Իտալացի նախարարը ընդգծած է, որ այս հակամարտութեան կարգաւորումը ռազմավարական նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն տարածաշրջանին, այլ նաեւ ամբողջ Եւրոպայի անվտանգութեան համար:
Ճամփաօլօ Տի Փաոլա կոչ ուղղած է բոլոր կողմերուն՝ յարաբերութիւն մշակել վստահութեան հիման վրայ եւ հաւատարիմ մնալ բոլոր ժողովուրդներու բարօրութեան եւ բարգաւաճման նուիրուած Հելսինկեան ամփոփիչ արձանագրութեան:
Հայաստան տուած իր եռօրեայ պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարը 16 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, իսկ 17 Հոկտեմբերին՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպումին ընթացքին ընդգծած է, որ Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ Իտալիոյ հետ բազմակողմանի համագործակցութիւնը, ներառեալ՝ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ երկկողմանի կապերու ամրապնդումը: Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ ինք հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթին քաջածանօթ է՝ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ պահուող արժէքաւոր աշխատութիւններուն ճամբով եւ մեծապէս տպաւորուած է համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ հայերուն ունեցած մեծ ներդրումով:
Միւս կողմէ, երկու երկիրներու նախարարները քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառի մէջ հայ-իտալական երկկողմանի համագործակցութեան ու տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: Անոնք համաձայնութիւն կայացուցած են երկու երկիրներուն միջեւ այս իմաստով կապերու ամրապնդման եւ համագործակցութեան սերտացման առնչութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.