2012-10-18 12:34:48

Դրօշակներու Օրհնութիւն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ։


Կիրակի, 7 Հոկտեմբերին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. պատարագին հանդիսապետեց եւ իր պատգամը փոխանցեց առանջորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ առնելով որպէս բնաբան օրուան ճաշու գրքէն՝ Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն գրած նամակէն «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք։ Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք» խօսքը հրաւիրեց հաւատացեալները ինքնաքննութեան եւ ինքնագիտակցութեան, եւ համապատասխան վարքով ապրելու՝ Քրիստոսի ուսուցմունքնեով առաջնորդուած, զգուշանալով ամէն կողմէ սխալ հրամցուած ուսուցումներէն։ Ան յորդորեց ապրիլ հաւատքովը մեր հայրերուն, որոնք լուսաւորուեցան Քրիստոսի լոյսով:
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի դրօշակներու օրհնութիւնը եւ բարձրացումը նորահաստատ ձողերուն վրայ, (ի դէպ) այս դրօշակի ձողերը իրականացան եկեղեցւոյ բարերարներէն՝ տէր եւ տիկ Յովիկ եւ Սեդա Աղայեաններու նուրիատուութեամբ, ի յիշատակ իրենց ծնողաց՝ Եսայի եւ Պալիկ Աղայեաններու։
Առաջնորդ սրբազանը յատուկ արարողութեամբ մը օրհնեց դրօշակները, ապա ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի սկաուտները զանոնք բարձրացուցին զետեղուած ձողերուն վրայ որմէ ետք եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիները երգեցին ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները։ Շնորհակալութեան խօսք արտասանեց եկեղեցւոյս հոգաբարձութեան ատենապետ Զարեհ Մարգարեանը, «Հայր Մեր» աղօթքէն եւ առաջնորդին «Պահպանի»չէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան։










All the contents on this site are copyrighted ©.