2012-10-17 13:58:13

Վատիկանեան Պատուիրակութիւն Մը Յառաջիկայ Օրերուն Կ՝այցելէ Սուրիան, Ընդհարումի Զոհ Ժողովուրդին Յայտնելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Զօրակցութիւնը։


Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ խօսք առնելով սիւնոդոսական հայրերու նիստի ընթացքին, յայտարարեց. ՜՜կարող չենք անտարբեր մնալ նման հանդիսատեսի ՝ ողբերգութեան մը առջեւ որ ամէն օր կը գործուի սուրիական հողին վրայ։ Մենք համոզուած ենք որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը միմիայն քաղաքական կրնայ ըլլալ եւ խորհելով Սուրիոյ ժողովուրդին կրած ահաւոր տառապանքին, սիւնոդոսական կարգ մը հայրապետներ մեզի ներշնչեցին հարկաւորութիւնը հրապարակաւ յայտնելու մեր զօրակցութիւնը Սուրիոյ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը խնդրեց որ սիւնոդոսական հայրերու մէկ պատուիրակութիւնը Դամասկոս մեկնի, յայտնելու՝ Սրբազան Հօր ու մեր բոլորին զօրակցութիւնը ու մօտիկութիւնը քրիստոնեայ մեր սիրեցեալ եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ միաժամանակ քաջալերելու՝ բոլոր անոնք որոնք կ'աշխատին խաղաղութեան ու անդորրութեան վերահաստատումին համար։
Յայտնենք որ Ս. Աթոռի պատուիրակութիւնը յառաջիկայ շաբաթ Դամասկոս կը մեկնի գլխաւորութեամբ՝ Քինշասայի առաջնորդ կարտինալ Բազինիայի, նաեւ կարտինալ Թոռանի` նախագահը միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին, կարտինալ Տոլանի առաջնորդը Նի Եորքի, ու գերապայծառ Մամպերթիի՝ Ս. Աթոռի արտգործ նախարարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.