2012-10-17 15:10:18

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չրեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։
Հաւատամքի դաւանանքի մէջ է որ կը գտնենք մեր հաւատքի էականութիւնը։


Չորեքշաբթի 17 հոկտեմբերի առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Հաւատոյ Տարուան առթիւ Նորին Սրբութիւնը սկսաւ խորհրդածութիւններու նոր շարք մը` կեդրոնացած հաւատքի վրայ, ընդհատելով աղօթքի մասին, մինչեւ օրըս, կատարած խորհրդածութիւնները։
Porta Fidei - Հաւատքի Դուռ - Առաքելական գիրովս 2012-2013 տարեշրջանը հռչակեցի Հաւատոյ Տարի որպէսզի Եկեղեցին վերանորոգէ իր խանդավառութիւնը հաւատալու Յիսուս Քրիստոսի, որ է աշխարհի միակ Փրկիչը, ու վերակենդանացնէ իր ուրախութիւնը ընթանալու Քրիստոսի ցոյց տուած ճանապարհի վրայ եւ գործնականօրէն վկայէ բարեփոխող հաւատքի ուժը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու անդրադրաձաւ Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի սկիզբի 50րդ յոբելեանին որ <<կարեւոր առիթ մըն է վերադառնալու Աստուծոյ եւ քաջութեամբ ապրելու անձնական հաւատքը ու նաեւ` ամրապնդելու եկեղեցւոյ պատկանելիութիւնը որ Խօսքի աւետոման ու ծիսակատարութեան միջոցաւ ինչպէս նաեւ ողորմածութեամբ մեզ կ՛ուղղէ հանդիպելու Քրիստոսին ու զայն աւելի լաւ ճանչնալու որպէս իսկական Աստուած եւ իսկական Մարդ։ Քրիստոսի հանդէպ հաւատաք ունենալը կը բարեփոխէ մեր ամբողջ էութիւնը ու մեզի կը յայտնէ մեր կեանքի իսակակն իմաստը, մեր ապագան ու մեր կոչումին ճշմարտութիւնը պատմութեան ընդմէջէն ու նաեւ դէպի Երկնային Երկիր մեր ուխտաւոր ուղեւորութեան իմաստը։
Հաւատամքի դաւանանքի մէջ է որ կը գտնենք մեր հաւատքի էականութիւնը - յարեց Նորին Սրբութիւնը - հաստատելով թէ քրիստոնեան յաճախ չի ճանչնար հաւատամքը ու այս մէկը կրօնական յարաբերականութեան կը մղէ։ Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է յաղորդել հաւատքը եւ հռչակել աւետարանը որպէսզի քրիստոնէական ճշմարտութիւնները ըլլան մշակոյթները բարեփոխող ջահեր եւ քրիստոնեաները գիտնան փոխանցել իրենց ունեցած յոյսի զգացումները, աշխարհականացումի ենթարկուած այսօրուայ ընկերութեան ի տես։
Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններուս ընթացքին կ՛ուզեմ խորացնել Աստուծոյ, մարդոց. եկեղեցւոյ եւ ընկերային ու տիեզերական իրողութիւններու հաւատքի կեդրոնական ճշմարտութիւնները, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ու ապա անդրադարձաւ երջանկայիշատակ ՅՊԲ-ի քահանայապետութեան շրջանի հրատարակուած Կաթողիկէ Քրիստոնէական վարդապետութեան գիրգին որ հիմնուած է Հաւատքի վրայ։
Նորին Սրբութիւնը ապա ընգծեց հաւատամքի կարեւորութիւնը ու Աստուծոյ վերադառնալու հարկաւորութիւնը ակնարկելով նոր աւետարանցումի նուիրուած սիւնհոդոսական աշխատանքներուն ու խօսքը եզրափակեց մաղթանք յայտնելով որ <<այս տարուայ ուղեւորութիւնը մեզ աճեցնէ հաւատքի ու Քրիստոսի հանդէպ ունեցած մեր սիրոյ մէջ ու մեր ամէնօրեայ ընտրանքներուն մէջ սորվինք ապրիլ Աւետարանի գեղեցիկ ու բարի կեանքը։
Խորհրդածոպւթեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները յատուկէն ոռջոյնի խօսք մը ուղղելով հիւանդներուն. նորապսակեալներուն եւ երիտասարդներուն ու յիշելով այսօր կատարուած Սուրբ Իքնատիոս Անտիոքացիի տօնը որպէս քրիստոնէութեան խթան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.