Յովհաննէս Պօղոս Ա. Քահանայապետին Ծննդեան 100-ամեակը։
Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Ա.Քահանայապետի ծննդեան հարիւրամեակի առթիւ (17 հոկտեմբեր
1912) յոբելեար քահանայապետին անուան ՝ Papa Luciani Հիմնարկը, համագործակցութեամբ՝
Canale D'Agordo-ի ժողովրդապետութեան կազմակերպած շարք մը ձեռնարկներ, յիշելու համար
Յովհաննէս Պօղոս Ա. քահանայապետը։ Քահանայապետի ծննդավայրը կատարուած պաշտօնական ուխտագնացութենէն
բացի, նախատեսուած է նաեւ համապատարագ մը ու բացումը նոր թանգարանի եւ հետազօտական կեդրոնի
մը նուիրուած՝ Յովհաննէս Պօղոս Ա Քահանայապետին, ինչպէս նաեւ՝ Canale D'Agordo-ի մէջ,
բացումը՝ Papa Luciani-ի անուան նուիրուած հրապարակին։