2012-10-17 13:19:50

Եւրոպական Միութիւնը Փակեց Իր Օդային Տարածքը Սուրիական Օդանաւերուն Առջեւ։ Նոր Պատժամիջոցներ Սուրիոյ Նկատմամբ։


Լիւքսամպուրկի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ընթացքին որդեգրուած է Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու 18-րդ թղթածրարը:
Նոր պատժամիջոցներով կ՛արգիլուի Եւրոպական Միութեան օդային տարածքին մէջ սուրիական օդանաւային ընկերութեան օդանաւերուն թռիչքը, ինչպէս նաեւ Սուրիա զէնք փոխադրող այլ երկիրներու օդային եւ ծովային փոխադրամիջոցներու Եւրոպական Միութեան տարածքին մէջ ապահովագրումը:
Բացի ատկէ, ընդլայնուած է սուրիացի անձերու «սեւ ցուցակ»-ը, որուն վրայ գտնուողներուն Եւրոպական Միութեան տարածքին մէջ տեղաշարժը կը սահմանափակուի, ինչպէս նաեւ անոնց դրամատնային պահեստները կը սառեցուին: Ցուցակին վրայ առնուած են յաւելեալ 28 պաշտօնատարներ: Այսպիսով, Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցները կը տարածուին Ասատի եւ անոր շրջապատէն 181 անձերու վրայ:
Իրանի Ազգային ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Սայիտ Ժալիլի ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Իրան կը զօրակցի որեւէ նախաձեռնութեան, որ կը նպաստէ Սուրիոյ մէջ ապահովութեան ու կայունութեան վերահաստատման եւ բռնարարքներու դադրեցման:
Սայիտ Ժալիլի ողջունեց Սուրիոյ տագնապի լուծման համար Իպրահիմիի ջանքերը` յայտնելով, որ սուրիական տագնապի լուծման շուրջ առաջարկուած որեւէ նախաձեռնութեան մէջ պէտք է սուրիացի ժողովուրդի շահերը նկատի առնուին, իսկ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն վերջ տալու միակ ձեւը սուրիացի ժողովուրդի կամքը յարգելն է, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական ծանօթ արժեչափերու հիմամբ ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կատարելը:








All the contents on this site are copyrighted ©.