2012-10-17 13:59:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքին Եւ Հնդկաստանի Կաթողիկոսին Ներկայացուցիչները


Երկուշաբթի 15 հոկտեմբերի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց վեհարանի իր գրասենեակին մէջ, ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Զագգա Ա. պատրիարքին ներկայացուցիչ՝ մետրոպոլիտ Ժորժ Սալիպան, ինչպէս նաեւ Մալապարի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Պասելիոս Մարթոմա Փաուլոս Բ.-ի ներկայացուցիչ՝ գերպ. Գ. Մ. Ճորճը: Միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող սոյն հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանը:
Ներկայ հոգեւորականները նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետին փոխանցեցին պատրիարքներուն եղբայրական ողջոյնները: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս եկեղեցիներու ներկայ կեանքը յուզող միջեկեղեցական եւ միջկրօնական հարցեր ու մասնաւորաբար արեւելեան ոչ քաղկեդոնական ընտանիքներուն հետ աղերս ունեցող խնդիրներ: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց ուղղափառ ընտանիքին մէջ ներքին միասնականութիւնը պահելու անհրաժեշտութիւնը` գործակցութեան առաւել կազմակերպումով ու ծաւալումով` հակառակ գոյութիւն ունեցող ներքին զգայնութիւններուն ու դժուարութիւններուն:
«Մեր համայնքները շրջապատուած են այնպիսի խոչընդոտներով եւ մարտահրաւէրներով, որոնց դիմաց եկեղեցիներու գործակցութիւնը աւելի հրամայական է», շեշտեց վեհափառ հայրապետը: Խորհրդակցական հանդիպումէն ետք ներկաները ընթրիքի հիւրը եղան վեհափառ հայրապետին։








All the contents on this site are copyrighted ©.