2012-10-16 14:51:55

Ս. Աթոռը եւ Հարաւային Քինվէն Համագործակցութեան Համաձայնագիր Մը Ստորագրած են։


Անցեալ 12 հոկտեմբեր 2012-ին Ս. Աթոռը եւ հարաւային Քինվէն համաձայնագիր մը ստորագրած են բացայայտելով երկու պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան կապերը։
Ստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Թէոտորոս Մպազոկօյի ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Բիոբբօյի եւ արտգործնախարար Մոքուի։ 19 յօդուածներ ներփակող համաձայնագիրը կը բնորոշէ Եկեղեցւոյ իրաւական անձնաւորութիւնը ու անոր մարմինները եւ յատկապէս կ'անդրադառնայ կանոնական ամուսնութեան, պաշտամունքի վայրերուն, դպրոցական կառոյցներուն ու հիւանդնաոցներու ու բանտերուն մէջ հոգեւորականներու ներկայութեան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.