2012-10-16 15:07:17

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Ռատիովատիկանի տնօրէն` հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր այս շաբթուայ խմբագրականը կը նուիրէ անցեալ 11 հոկտեմբերին նշուած` վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի յոբելեանին։

11 հոկտեմբերի երեկոյեան ալեհեր քահանայապետի դէմքը նշմարուեցաւ աշխարհէն սիրուած պատուհանի ընդմէջէն -կը գրէ Հայր Լոմպարտին - աւելցնելով թէ այդ եպաւ <<տպաւորիչ եւ յուզիչ պահ մը>> ։ Քահանայապետը քաջ տեղեակ էր թէ ամէնքը սպասումի մէջ էին ունկնդրելու խօսք մը նման իր նախորդին` Յովհաննէս ԻԳ-ի 11 հոկտեմբեր 1962-ի երեկոյեան արտասանած անպատրաստից խօսքին։

50 տարիներ առաջ երիտասարդ Րացինկէրը եւս կը գտնուէր սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ եւ իր նայուածքը ուղղած էր դէպի Քահանայապետի գրասենեակի պատուհանը։ Իսկ այժմ Ան նայուածքը ուղղուած է դէպի աւելի վերեւ` խորքննելու համար Աստուծոյ խորհուրդը։ Այն Աստուածը որ եղած է քահանայապետութեան առաջնահերթութիւնը, եւ Տիեզերական Ժողովի հայեցակէտը։

Հայր Լոմպարտին կ՛ակնարկէ ապա Սրբազան Հօր արտասանած խօսքին որուն մէջ յայտնած էր եկեղեցւոյ վերջին տարիներու պատմութիւնը։ Պատմութիւնը մը որ պէտք է կարդացուի աւետարանի առակներու լոյսին տակ կը հաստատէ Վատիկանի Ռատիոյի տնօրէնը մատնանշելով որ պատմութիւնը եղած է <<Մեղքի պատմութիւն մը որ կը վիրաւորէ մեզմէ ամէն մէկուն փորձառութիւնը>> ու ընգծելով թէ պատմութիւնը եղած է <<նոյնպէս շնորհքի պատմութիւն մը որ լուռ կ՛աշխատի եւ կը յայտնուի բարութեան. սիրոյ եւ ճշմարտութեան փոքր բոցերու ընդմէջէն, ինչպէս հազարաւոր այն ջահերու բոցերը որ կը լուսաւորէն Սուրբ Պետրոսի հրապարակը, առանց լուսնի գիշերուայ ընթացքին։

Ռատիովատիկանի տնօրէնը իր խմբագրականը կ՛եզրափակէ գրելով <<Ով որ կը կարծէր թէ հաւատքի տարին պիտի հռչակուէր փառաւոր ձեռնարկներու միջոցաւ լաւ չէր ըմբռնած իրոպութիւնը։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ուրիշ ուղղութեամբ կը նայի։ Ան խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող հաւատացեալներուն կրկնեց իր նախորդին արտասանած նախադասութիւնը <<Գացէք ձեր տուները եւ համբոյր մը տուէք մանուկներուն ու ըսէք Քահանայապետի համբոյրն է սա>>։ Աստուծոյ սիրով լի պարզ համբոյր մը։ Աղսպէս է որ սկիզբ կ՛առնէ Հաւատոյ Տարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.