2012-10-15 12:36:09

Նոր Աւետարանութիւնը եւ Քրիստոնեայ Հաւատքի Փոխանցում Նիւթով Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի 9րդ եւ 10րդ Նիստերը։


Շաբաթ 13 հոկտեմբերին վատիկանի մէջ գումարուած Նոր աւետարանութեան մասին սիւնհոդոսի 9րդ նիստի ընթացքին խօսք առաւ, ի մէջ այլոց, Երուսաղէմի Լատին եկեղեցւոյ` ֆուատ Թուալ Պատրիարքը որ յայտնեց թէ նոր աւետարանութիւնը սկիզբ առնելու է իր աղբիւրէն` Երուսաղեմէն։ Անոր գնահատումով Սուրբ Երկիր կատարուած ուխտագնացութիւնները առիթ մըն են վերանորոգելու եւ վերահաստատելու հաւատքը։
Սիւնհոդոսական հայրերու միջամտութիւններէն ոմանք կեդրոնացան Սուրբ վայրերու դէմ կատարուած արարքներու լուրերոուն, մատնանշելով եկեղեցւոյ <<գողգոթայի>>ն ու կոչ ուղղելով փոխադարձ հանդրժողութեան եւ միջկրօնական յարգանքի։ Եպիսկոպոսները ընգծեցին արգելքները տապալող ու կամուրջներ հաստատող հաւատքի դերը, ու ապա կոչ ուղղեցին չմոռանալու միջին արեւելքը ուայդ շրջանի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն յանձնարարեցին` <<Մի վախնաք>>։
Հաւատքը գաղափարական պատկանելիութիւն մը չէ որ բռնութիւններ կը յառաջացնէ այլ դէպի եղբայրութիւն առաջնորդող ճանապարհ մըն է` հասատատեցին սիւնհոդոսական հայրերը։
Շօշափուած նիւթերու մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ բնապահպանութեան ու եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցուման մասին։ Միջամտութիւններ տեղի ունեցան ժողովրդական ողորմութեան մասին որ <<հաւատքի իսակական զգացումէ կը բխի եւ կը վկայէ Աստուծոյ սէրը եւ որ ներփակուած է մարդու սրտին մէջ` ու կը դառնայ նոր աւետարանութեան միջոց։
Մարդկային արաժանաւորութիւնը վեր առնելը ժողովրդավարութիւն կը յառաջացնէ եւ Յիսուսի հետեւորդ ըլլալ կը նշանաակէ։
Սիւնհոդոսական հայրերը հուսկ անդրադարձան այօրուայ լրասփիւռային աշխարհին ու մարդկային կեանքի վրայ ունեցած անոնց մեծ ազդեցութեան։ Եկեղեցին ալ պէտք է արդ գիտնայ այս միջոցներով մօտիկութիւն, բարեկամութիւն եւ Աստուծոյ սէրը յաղորդել յայտարարած են եպիսկոպոսները։
Ելոյթներու ընթացքին շօշափուեցան հաւատքի ու բանականութեան միջեւ կապի նիւթը։ Եթէ չի հասկցուիր անոնց փոխլրացումը քրիստոնեանրը արդիականութեան դիմաց իրենք զիրենք միշտ աւելի ստորադաս պիտի նկատեն ։
Շաբաթ յետ միջօրէին տեղի ունեցաւ սիւնհոդոսական10րդ նիստը որուն ընթացքին շօշափուած գլախաւոր նիւթերը եղան. Աշխրահականներու դերը նոր աւետարանութեան առաքելութեան մէջ. աշխարհականացումի ճգնաժամը. որոշ երկիրներու մէջ դէպի արմատներու վերադարձը, վերագտնելու համար ընկերային բարոյագիտական եւ բարոյական արժէքները։ Քրիստոնէականի դաստիարակներու կազմաւորումը եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու զարգացումը յատկապէս արաբական երկիրներու մէջ.
Այս նիւթին մասին խօսեցաւ Մարոնիներու Պշարա Էլ Րայի Պատրիարքը որ ակնարկեց նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի լիբանան կատարած այցելութեան հաստատելով որ ճամբորդութեան ընթացքին Քահանայապետի յանձնած <<եկեղեցին միջին արեւելքի մէջ>> յորդորագիրը մեծապէս պիտի օժանդակէ <<քրիստոնէական գառունի>> յառաջացման ու նոր աւետարանութեան զարգացման, ձգտելով արաբական իսկական գառունի որ ըլլայ Ժողովրդավար, արդար ու խաղաղ եւ յարգէ ամէն անհատի արժանապատութիւնրը ու դէմ կանքնի ամէն տեսակ բռնութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.