2012-10-15 12:55:35

Հաւատքի Տարուան Բացումը Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Թեմէն Ներս։


Հինգշաբթի, 11 հոկտեմբերին (2012) Հալէպի «Սուրբ Փրկիչ-Սրբուհի Վառվառիա» հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդը՝ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան, հանդիսաւոր սուրբ Պատարագով՝ բացումը կատարեց Հաւատքի Տարուան, ներկայութեամբ թեմի քահանաներուն եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։ Այս սուրբ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ զուգահեռ Վատիկանի մէջ՝ Հաւատքի Տարուան պաշտօնական բացման հանդիսութեան հետ, զոր նախագահեց Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի օր՝ առաւօտեան։
Արհի. Տ. Պետրոս արք. Միրիաթեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ hաւատքի նշանակութեան հաւատացեալներու կեանքին մէջ, յիշելով զանազան օրինակներ սուրբ Աւետարանէն։ Ան նշեց հինգ միջոցներ (խորանալ հաւատքի օրէնքին եւ նշանակութիւններուն մէջ, աղօթել եւ անոր կարեւորութիւնը իմանալ, ապաշխարել, ծոմ պահել եւ ողորմութիւնը), որոնք կ’օգնեն հաւատացեալները ամրապնդելու համար իրենց քրիստոնեայ հաւատքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.