2012-10-15 13:14:43

Երեւանը Նշեց Իր 2794-ամեակը


Երէկ հայոց մայրաքաղաք Երեւանը նշեց իր հիմնադրութեան 2794-ամեակը: Օրը սկսաւ Երեւանի փողոցներուն եւ արձաններուն մաքրութեան աշխատանքներով: Էրեբունի – Երեւանի 2794-ամեակին նուիրուած տօնական բուն հանդիսութիւնները սկսան «Էրեբունի» արգելոց-թանգարանի յարակից հրապարակին մէջ: Տօնական շքեղ հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի յարակից Ռուսիոյ հրապարակին վրայ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութիւններուն:
Երեւանի հիմնադրութեան տարեդարձին նուիրուած տօնական հանդիսութիւնները վերջ գտան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ` շքեղ համերգով եւ հրավառութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.