2012-10-14 10:00:32

«Թարգմանչացը Հիմքն Է Ազգային Դաստիարակութեան»


Ըսաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Աշակերտութեան Ուղղած Իր Պատգամին Մէջ։

Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ (ուրբաթ օրը) ներկայութեամբ՝ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ազգային ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անդոյեանի: Տօնակատարութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ թարգմանչաց սերունդին նուիրուած աշակերտական թատրոն մը (հեղինակ` Սարգիս Մահսէրէճեան, դերուսոյց` քոլեճի հայերէնի դասատու Մատլեն Վարդանեան), որուն նիւթը խումբ մը աշակերտներու արկածախնդրութիւնն էր հրաշալի համակարգիչի մը ճամբով երթալու հինգերորդ դար, հանդիպելու Վռամշապուհ թագաւորին, Ս. Սահակ Պարթեւին, Մեսրոպ Մաշտոցին եւ անոնց աշակերտներուն: Գեղարուեստական յայտագրին ասմունքեց Գարին Գանտահարեան, Յարութ Մարկոսեան ջութակով հրամցուց երաժշտական կտոր մը ապա քոլեճին 30 հոգինոց երգչախումբը ելոյթ ունեաւ «Հայ գիրքը» եւ «Իմ անունը Հայաստան է» երգերը: Հալէպահայ մեծաթիւ աշակերտներ մասնակցեցան տօնակատարութեան բացման խօսք արտասանեց Մարալ Չխըրկէօզեան, Անժելա Եագուպեան ասմունքեց իսկ Մարթա Չորպաճեան նուագեց, որէ ետք հալէպահայ Նաթալի Մարկոսեան եւ պէյրութահայ (Պուրճ Համուտէն) Սարին Մովսէսեան ներկայացուցին նազպարը։
Խօսք առնելով վարժարանի տնօրէնը՝ Վիգէն Աւագեան, շնորհաւորեց օրուան գեղարուեստական յայտագիրը պատրաստած աշակերտները եւ անոնց ուսուցիչները, ապա «մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ»-ի թելադրականութիւնը նշելով` հրամցուց անակնկալ մը, երբ ընթերցեց Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլեճեանի սրտի խօսքը` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ յաճախող 25 ճեմարանականներուն: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան օրուան պատգամը փոխանցեց աշակերտութեան: Ան զուգահեռներ գծեց 5-րդ եւ 21-րդ դարերուն միջեւ եւ ըսաւ, որ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս, հայ հոգին պահողը, հայութեան բոլոր հատուածները իրարու միացնողը հայ լեզուն եւ մշակոյթն են: Ան շեշտեց, որ Թարգմանչաց տօնը ազգային դաստիարակութեան հիմքն է, որուն շնորհիւ կը կերտուի հայ մարդուն ազգային նկարագիրը: Ան թելադրեց ամրօրէն կառչիլ հայ լեզուին, հայ դպրոցին եւ այն բոլոր արժէքներուն, որոնք հայը հայ կը պահեն: Յայտնելով որ աշխարհի մէջ չկայ ժողովուրդ մը, որ մեզի նման իր այբուբենը սրբացուցած ըլլայ եւ իր մայրենի լեզուին այնքան մեծաթիւ բանաստեղծութիւններ եւ ներբողներ նուիրած ըլլայ ըսաւ որ ՜՜Հայ մարդը Ցեղասպանութեան օրերուն, երբ ուտելիք հաց չունէր, պատսպարան ու սնունդ չունէր, անապատի աւազներուն վրայ հոգեկան սնունդ փոխանցեց իր զաւակներուն` այբուբենը սորվեցնելով անոնց՝՝: Գեղամ արք. Խաչերեան Թարգմանչացը նկատեց «աշակերտութեան տօնը», որովհետեւ ան կը նշուի Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտներուն յիշատակին, հետեւաբար ան կոչ ուղղեց մտածելու, թէ ինչո՞ւ աշակերտ ենք, ինչո՞ւ հայկական վարժարան կը յաճախենք եւ ինչպէ՞ս կրնանք արժանի ժառանգորդները ըլլալ դարէ դար փոխանցուած եւ այսօր մեզի հասած հայկական մշակութային հսկայ հարստութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.