2012-10-13 12:28:00

Հայաստան Եւ Ռուսիա Ստորագրեցին Մինչեւ 2020 Թուականը Երկարաժամկէտ Տնտեսական Համագործակցութեան Ծրագիրը


Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց տնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնախումբի համանախագահ, Ռուսիոյ փոխադրութեան նախարար Մաքսիմ Սոքոլովը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց Մաքսիմ Սոքոլովը` յանձնախումբի ռուսական կողմին համանախագահ նշանակուելու առիթով եւ մաղթեց յաջողութիւն:
Յանձնախումբի համանախագահներ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ Ռուսիոյ փոխադրութեան նախարար Մաքսիմ Սոքոլով նախագահին ներկայացուցին երէկ տեղի ունեցած միջկառավարական յանձնախումբի նիստին արդիւնքները:
Նշենք, որ երէկ Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբի 14-րդ նիստը: Նախքան ընդլայնուած կազմով նիստին սկիզբը, տեղի ունեցաւ յանձնախումբի նախագահներուն գլխաւորած պատուիրակութիւններուն նեղ կազմով հանդիպումը:
Ընդգծելով հայ-ռուսական տնտեսական կապերուն մէջ արձանագրուած աճը` Տիգրան Սարգսեան տեղեկացուց, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը ընթացիկ տարուան առաջին ութ ամիսներուն ընթացքին նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ աճած է 23 առ հարիւրով եւ կազմած 880 միլիոն տոլար: Ռուսիայէն Հայաստան ներածումներու ծաւալը նոյն ժամանակաշրջանին աճած է 17 առ հարիւր` կազմելով 640 միլիոն տոլար:
Ըստ վարչապետին, յատուկ ուշադրութեան արժանի է ռուսական շուկայ հայկական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու արտահանման աճը. 2012-ի առաջին ութ ամիսներուն ընթացքին 2011-ի նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ ատիկա աճած է 50 առ հարիւրով եւ կազմած է 168 միլիոն տոլար: «Ասիկա Հայաստանի ներկայ տնտեսական աճի կարեւոր գործօններէն մէկն է», ըսաւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:
Նիստի աւարտին Տիգրան Սարգսեան եւ Մաքսիմ Սոքոլով ստորագրեցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ մինչեւ 2020 թուականը երկարաժամկէտ տնտեսական համագործակցութեան ծրագիրը, ինչպէս նաեւ տնտեսական համագործակցութեան հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնախումբի 14-րդ նիստի արձանագրութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.