2012-10-13 13:06:29

Եղբայրական Ագապ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հետ։


Ուրբաթ 12 հոկտեմբեր 2012-ի կէսօրին Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը մասնակցեցաւ եղբայրական ագապին, ՜՜ Նոր աւետարանութեան՝՝ մասնակցող սիւնհոդոսական հայրերու, եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահ եպիսկոպոսներու, ու վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի անդամ եպիսկոպոսներու հետ (թիւով 500 հոգի)։Հանդիպման հրաւիրուած էին նաեւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը ու Գանթէրպըրիի Արքեպիսկոպոսը։
Ագապի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը խօսք մը ուղղեց ներկաներուն ակնարկելով ՅՊԲ-ի ստեղծած ՜՜եղբայրական ագապի այս աւանդութեան՝՝ իր ուրախութիւնը յայտնելով Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքի ու Անկլիքան եկեղեցաւոյ Առաջնորդի ներկայութեան համար։
Ինծի համար այս հաղորդութիւնը նշան մըն է որ կ՛ընթանանք դէպի միութիւն տանող ճանապարին վրայ։ Այս ուրախութիւնը մեզի ուժ կը ներշնչէ յառաջանալու նաեւ աւետարանութեան ուղիով - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ակնարկելով Սիւնհոդոս բարի իմաստին, որ կը նշանակէ <<միասնաբար ընթանալ>>։ Այս բառը կը վերյիշեցնէ, յետ Յարութեան՝ Յիսուսի ճանապարհորդութիւնը, Էմմաուս գացող երկու աշակերտներուն հետ։
Այսօրուայ թերահաւատ աշխարհի պատկերն է անիկա։
Յիսուս՝ անոնց յոյսը, մեռած էր։ Աշխարհը դատարկութեամբ լեցուած էր, կարծէք Աստուած այլեւս գոյութիւն չունէր մեզմով չէր մտահոգուեր ու անոնք յուսահատ յառաջ կ՛ընթանային իրենց սրտին մէջ ունենալով հաւատքի նշոյլ մը։
Տէրը գաղտնաբար կը քալէ անոնց հետ եւ անոնց կ՛օգնէ հասկնալու ՜՜Աստուածային խորհուրդը՝՝, Անոր ներկայութիւնը պատմութեան մէջ ու Անոր լռելեայն ուղեւորութիւնը մեր հետ։
Ի վերջոյ երբ անոնց՝ Էմմաուսի աշակերտներուն սիրտն ու միտքը կը լուսաւորուի, ընթրիքի ընթացքին անոնք կը ճանչնան Տէրը։ Մենք ալ սիւնհոդոսական նիստի ընթացքին ուղեւորութեան մէջ ենք - ըսաւ Քահանայապետը - աղօթենք Աստուծոյ որ լուսաւորէ մեր մտքերը եւ վառէ մեր սրտերը։ Աղօթենք որ ընթրիքի ընթացքին, սուրբ հաղորդութեան մէջ, կարենանք բանալ մեր աչքերը տեսնելու Տէրը ու աշխարհին մէջ եւս անոր լոյսը ճառագայթենք։
Թող Տէրը առաջնորդէ մեր քայլերը ու մեզ օգնէ- ըսաւ սրբազան հայրը եզրափակելով խօսքը - ու հրաւիրեց բոլորը միասնաբար գոհաբանական աղօթք մատուցելու առ Աստուած։








All the contents on this site are copyrighted ©.