2012-10-13 13:12:47

Գանթերպըրիի Առաջնորդին Միջամտութիւնը Սիւնոդոսին Ընթացքին
Նոր Աւետարանութեան Մասին`
''հարկաւոր է որ մենք զմեզ վերաւետարանենք''։


Անկլիգան եկեղեցւոյ գահերէցը` Ռուան Ուիլիամս, խօսք առնելով սիւնոդոսի նիստին, պարզեց անկլիգան եկեղեցւոյ տեսութիւնը ՜՜նոր աւետարանութիւն՝՝ նիւթին մասին։ Ան ընդգծեց հարկաւորութիւնը մտածականին ու Աստուծոյ հանդէպ մեր վստահութեան, դիմագրաւելու աւետարանութեան հարցը ներկայ '' խելագար ու անիրական աշխարհին մէջ՝՝։ Անկլիգան եկեղեցւոյ Գահերէցին համար աւետարանութիւնը կը յենու Աստուծոյ վստահութեան վրայ։
Մենք կանչուած ենք նախ մենք զմեզ վերաւետարանելու, համակերպուած՝ Աստուծոյ կամքին եւ միշտ գործելով Աստուծոյ փառքին համար։ Ապա արքեպիսկոպոս Ռուան Ուիլիամս խօսեցաւ հոգեւոր համամիութեան մասին ընդգծելով անհրաժեշտութիւնը սերտ կապեր հաստատելու քրիստոնեաներու միջեւ, որպէսզի մեր վկայութիւնը ըլլայ համոզիչ։








All the contents on this site are copyrighted ©.