2012-10-13 12:27:51

2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Եւրոպայի Գօտի.


Հայաստան – Իտալիա` 1-3
Բ. կիսախաղին Ա. Էս. Ռոմայի երկու մարզիկներուն` Տանիելէ Տէ Ռոսսիի (64-րդ) եւ Փապլօ Օսվալտոյի (82-րդ)` գլուխով նշանակուած կոլերուն շնորհիւ, երէկ, Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը, դժուար պայքարով մղուած մրցումէ մը ետք, 3-1 արդիւնքով յաղթեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին, «Հրազդան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած ճակատումին, որ կ՛իյնայ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի (Եւրոպայի գօտի) Բ. խմբակին ծիրին մէջ: Մրցումէն ետք Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը:
՜՜Կը շնորհաւորենք Իտալիան` արձանագրուած այս յաղթանակին համար: Մրցումէն ետք քիչ մը դժուար է խօսիլը: Այսօր մենք կատարեցինք այս տարուան մեր լաւագոյն մրցումներէն մէկը, եթէ ոչ` լաւագոյնը՝՝:Ան նաեւ ըսաւ. ՜՜Բ . կիսախաղին մենք թէեւ լաւ սկսանք, բայց բնականաբար պիտի յաղթէր այն խումբը, որ առաջինը պիտի ըլլար յաջողութեան հասնողը: Ես մեր տղոց ըսի, որ շատ գոհ մնացի իրենց ներկայացումէն: Մի՛ մոռնաք, որ ասիկա Իտալիան է՝՝:








All the contents on this site are copyrighted ©.