2012-10-11 14:50:27

Վատիկանի Բ Տիեզերական Ժողովի 50-րդ Տարեդարձին Առթիւ Օսսերվաթորէ Ռոմանոյի Յատուկ Թիւ։


Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի աշխատանքներու սկիզբի 50րդ տարեդարձին առթիւ, Վատիկանի Կիսապաշտօն օրաթերթ՝ Օսսերվաթորէ Ռոմանոն, իտալերէն, անգլերէն եւ սպաներէն լեզուներով յատուկ թիւ մը հրատարակած է, որ կը պարունակէ վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի պատմութիւնը։ Հրատարակութեան նախաբանը կը կրէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ստորագրութեամբ անտիպ յօդուած մը որուն մէջ Սրբազան Քահանայապերտը կը յայտնէ թէ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի հայրերուն նպատակը <<նոր ու այլ եկեղեցիի մը հիմնադրութիւնը չէր, այլ եկեղեցին նորոգելը>>։ Իր յօդուածին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կ՛անդրադառնայ այդ 11 հոկտեմբեր 1962-ի <<սքանչելի օրուան>> պատմելով 2000 Ժողովական հայրերու մուտքը Սուրբ Պետրոսի Տաճար ու անոր մէջ տեսնելով <<Յիսուս Քրիստոսի եկեղեցւոյ պատկերը, համայն աշխարհը իր ձեռքերուն մէջ կը գրկած՝ որուն ժողովուրդները միացած են Անոր խաղաղութեան մէջ>>։
Սրբազան Քահանայապետը ապա կ՛անդրադառնայ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի ընթացքին շօշափուած <<կրօնի ազատութեան>> մասին նիւթին, ու ապա կը խօսի ոչ քրիստոնեայ կրօններու հետ Եկեղեցւոյ յարաբերութեան մասին։ Բնագիր մը՝ որ դրական կերպով կ՝անդրադառնայ կրօնին, անտեսելով կրօնի խեղաթիւրուած եւ ՜՜հիւանդ՝՝ ձեւերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.