2012-10-11 14:51:29

Շարլ Ազնաւուր՝ «Ոսկէ Ծիրան» 10րդ Յոբելենական Փառատօնի Պատուաւոր Խորհուրդի Անդամ.


«Ոսկէ Ծիրան» Երեւանեան միջազգային շարժապատկերի փառատօնի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանը 30 Սեպտեմբերին Ժընեւի մէջ հանդիպում ունեցած է աշխարհահռչակ ֆրանսահայ արուեստագէտ, երգահան, դերասան, Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուրի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շարք մը հարցեր՝ առնչուած Յոբելեանական փառատօնի կազմակերպման: Ազնաւուր իր համաձայնութիւնը տուած է մաս կազմելու փառատօնի յոբելեանական Պատուաւոր խորհուրդին:
Նոյն օրը, Ժընեւի ՄԱԿի գրասենեակի շէնքին մէջ Յարութիւն Խաչատրեանին եւ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանի տեղակալ Սաթենիկ Աբգարեանին յանձնուած են «Գործարար Նախաձեռնութիւններու Ուղղութիւններ» կազմակերպութեան կողմէ «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին շնորհուած «Միջազգային Աստղ Որակի համար» մրցանակը: Հեղինակաւոր մրցանակը սահմանուած է Որակի միջազգային ուխտին (Ժընեւ) կողմէ եւ կը տրուի արդիւնաբերական, տնտեսական, մշակութային այն կազմակերպութիւններուն, որոնք տուեալ տարուան ընթացքին միջազգային ճանաչման տիրացած են իրենց երկրին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.