2012-10-11 14:55:03

Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահին Մամլոյ Ելոյթը ''Հաւատքի Տարւոյն'' Բացման Առթիւ։


Նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` Գերապայծառ ֆիզիքելլան Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենակին մէջ մամուլին ներկայացուց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կողմէ 2012-ը ''Հաւատքի Տարի'' հռչակումին նշանակութիւնն ու նպատակը։
Գերապայծառ ֆիզիքելլան դիտել տուաւ որ նշանակալից է որ Հաւատքի տարին կը սկսի Վատիկանեան Բ. տիզերական ժողովի 50-րդ տարեդարձին օրը։Այս զուգադիպութիւնը ինքնին պատահական չէ, այլ՝ կը նպատակադրէ ՜՜ընդգծել՝՝ Եկեղեցւոյ յանձնառումը նոր աւետարանութեան ի խնդիր։
Եկեղեցին անգամ մը եւս կը խօսի այսօրուան մարդուն հետ Աստուծոյ մասին ու անհատի կեանքին համար ՜՜հաւատքին կարեւորութեան՝՝ ։ Արդարեւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ուզեց հաւատքի տարին սկսիլ Վատիկանեան Բ. տիզերական ժողովի բացման 50-րդ տարեդարձի օրը, մատնանշելու համար որ այդ ժողովի վաւերագրերը կը շարունակեն պահել իրենց արժէքը, այժմէականիութիւնն ու հմայքը։Հարկաւոր է որ այդ վաւերագրերը վերակարդացուին, ապրուին ու գործադրուին Եկեղեցւոյ վերանորոգումին համար։
Ասոր համար այսօր` հինգշաբթի 11 հոկտեմբեր 2012-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, սիւնոդոսական հայրերու հետ միասին, մատուցեց պատարագը Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ։
Ծիսակատարութեան սկիզբը կարդացուեցան հատուածներ Վատիկանեան Բ. տիզերական ժողովի վաւերագիրներէն։Ապա վերակոչելով 50 տարի առաջ Վատիկանեան Բ. տիզերական ժողովի բացման արարողութիւնը, Ս. Զոհին սկիզբը թափօրին մասնակցեցան, սիւնոդոսական հայրերու հետ միասին, 70 հայրապետները որոնք մասնակցած էին Վատիկանեան Բ. տիզերական ժողովին։
Ծիսակատարութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամներ յանձնեց Աստուծոյ ժողովուրդին, նոյն պատգամները որ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Քահանայապետը յանձնած էր կառավարիչներուն, Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններու միջոցաւ, նաեւ՝ մտաւորականներուն, կիներուն, աշխարհականներուն, երիտասարդներուն, աղքատներուն եւ հիւանդներուն։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը կաթողիկէ եկեղեցւոյ կրօնագիրքի հրատարակութեան 20-րդ տարեդարձին առթիւ, երկու կրօնուսոյցներուն յանձնեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ կրօնագիրքի բացառիկ հրատարակութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.