2012-10-11 14:50:14

Հաւատոյ Տարուան Բացման Արարողութիւնը։
Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Ա. Խօսքը։


11 հոկտեմբեր 1962-ին, Վատիկանի մէջ պաշտօնական բացումը կը կատարուէր ժողովի մը, որ յաջորդող տարիներուն պիտի յեղաշրջէր եկեղեցւոյ պատմութիւնը։ Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովը։ Այդ Թուականէն անցած են արդէն 50 տարիներ, ու այսօր 11 հոկտեմբեր 2012-ին, տիեզերական եկեղեցին մեծ շուքով կը նշէ այդ դէպքին 50-րդ Յոբելեանը։ Արդարեւ՝ նոյն օրը, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ գլխաւորած հանդիսաւոր արարողութեամբ՝ բացումը կատարեց իր <> առաքելական թուղթով հռչակած Հաւատոյ Տարուան։
Հինգշաբթի 11 հոկտեմբերի (2012) առաւօտեան ժամը 10-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ գլխաւորած՝ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի ընթացքին պաշտօնական բացումը կատարեց Հաւատոյ Տարուան։
Արարողութեան ներկայ էին մեծ թիւով կարդինալական դասի անդամներ, Արեւելեան եկեղեցիներու Պատրիարքներ, Արքեպիսկոպոսներ եւ համայն աշխարհէն եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի մասնակից եպիսկոպոսներն ու հիւր կղերականները։Անոնց շարքին նաեւ՝ 14 եպիսկոպոսներ որոնք մասնակցած էին, 50 տարի առաջ գումարուած, Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի աշխատանքներուն ու նաեւ քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու հովուապետեր որոնց շարքին Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Ա. որ արարողութեան ընթացքին ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Սրբազան Հօր, մեկներլով Քրիստոսի խօսքէն <<Հայր Սուրբ, պահէ քու անունովդ անոնք զորս ինծի տուիր, որպէս զի մէկ ըլլան, ինչպէս որ մենք մէկ ենք։>>
Բարթողոմէոս Ա. Պատրիարքը ապա անդրադարձաւ Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի 50րդ տարեդարձին ու անոր յաջորդող տարիներուն մատնանշելով թէ այս շրջանը Օրթոտոքս եկեղեցւոյ համար եղաւ նոր ակնկալիքներու ու փոխանակումի շրջան մը ու նաեւ եղաւ <<սիրոյ երկխօսութեան>> շրջան մը Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական միջազգային երկխօսութեան խորհուրդի հաստատումով որ այս վերջին տասնամեակներու ընթացքին կարեւոր յառաջացումներ արձանագրեց։
Մեր այս ճանապարհը հադիպեցաւ նաեւ խոչընդոտներու -ըսաւ Բարթողոմէոս Ա - եւ սակայն դուռը միշտ բաց մնալու է ու պէտք է խորացնել վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի եկեղեցական ծաւալը։
Հուսկ՝ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը կոչ ուղղեց, շարունակելու՝ անկեղծ ՜՜երկխօսութիւնը՝՝, ու վերցնելու՝ ՜՜արգելքները՝՝ արեւելքի եւ արեւմուտքի եկեղեցիներու միջեւ, որպէսզի ունենանք-ըսաւ ան- մէկ օթեւան, հիմնուած՝ մէկ անկիւնաքարի՝ վրայ որ է Յիսուս Քրիստոս։
Բարթողոմէոս Ա. եզրափակեց իր խօսքը գնահատանք յայտնելով Նորին Սրբութեան ու եղբայրաբար ողջագուրելով զինք այս յոբելեանին առթիւ ու ըսաւ. ՜՜Թող Աստուած օրհնէ բոլորդ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.