2012-10-10 13:00:19

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 10 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10.40-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի մասին որուն - ըսաւ Ան - անմիջական վկայ մը եղած եմ։

Այսօր կը գտնուինք Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի աշխատանքներու սկիզբի 50րդ Յոբելեանի նշումին ու Հաւատոյ Տարուայ բացման արարողութեան նախօրեակին։ Վատիկանեան Տիեզերական երկրորդ ժողովը մեզի կը ներկայանայ որպէս շքեղ նկար մը իր բազմազան տարրերով որուն արտասովոր հարստութիւնը կը շարունակուի մեզի պարզուիլ այսօր եւս։

Նորին Սրբութիւնը մէջբերեց ՅՊԲ երջանկայիշատակ Սրբազան Քահանայապետի գրութիւնը Վատիկան Բ Տիեզերական ժողովի մասին << մեծ շնորհք մը որմէ եկեղեցին օգտուեցաւ 20րդ դարու շրջանին։ Ան կը ներկայանայ որպէս կողմնացոյց մը որ մեր ճանապարհորդութիւնը կ՛ ուղղէ եկող դարաշրջանի ընթացքին>>։Իր կարգին Պենետիկտոս ԺԶ հաստատեց թէ այս կողմացոյցը թոյլ պիտի տայ եկեղեցւոյ, բաց ծովուն մէջ նաւարկելու ու փոթորիկներու եւ ալիքներու ընմէջէն հասնելու ապահով նաւահանգիստ։

Սրբազան Հայրը արդ պատմեց վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի իր անձնական փորձառութիւնը որպէս աստուաբանութեան երիտասարդ դասատու։ Իւրայատուկ փորձառութիւն մը որուն ընթացքին ականատես եղայ կենդանի Եկեղեցւոյ` որ ներշնջուած էր Սուրբ Հոգիին որ Ժողովի իսկական շարժիչ ուժն է։
Աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած 3 հազար վատիկանեան տիեզերական ժողովի հայրերը միատեղ համախմբուած էին Սուրբ Պետրոսի յաջորդի գլխաւորութեամբ։ Պատմութեան հազուադէպ իրողութիւն մը որուն ընթացքին շօշափուեցաւ եկեղեցւոյ տիեզերականութիւնը իրագործելու համար իր առաքելութիւնը` աւետարանը տանիլ ամէնուրէք։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց տիեզերական միւս ժողովներուն որ շատ անգամ հաւատքի դաւանանքի սխալներ շտկելու համար գումարուած էին -ըսաւ Ան - ու ապա անդրադարձաւ երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ սրբազան քահանայապետի պատմական նախաձեռնութեան` Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովը գումարելով։ Քահանայապետին փափաքն էր որ եկեղեցին խորհրդածէր հաւատքի մասին ու զայն առաջնորդող ճշմարտութեան` որովհետեւ հարկ էր որ հաւատքը <<վերանորոգուած>> եւ վճրռկան կերպով խօսիլ մարդկութեան։

Այսօրուայ մեր ժամանակաշրջանը եւս կը շարունակէ ապրիլ մորացութեան եւ Աստուծոյ հանդէպ անտարբերութեան մէջ, արդ պէտք ենք տիեզերական Բ ժողովէն սորվիլ թէ քրիստոնէութիւնը կը կայանայ Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունենալուն մէջ, Աստուած որ է Երրորդութեան Սէր։ Կարեւորագոյն հարցը այսօր, այնպէս ինչպէս որ եղած էր վատիկանեան տեզերական Բ ժողովի ընթացքին, Աստուծոյ ներկայութեան ըմբռնումն է, Ան մեզ կը դիտէ ու մեզի կը պատասխանէ։ Եթէ հաւատքը պակսի, կը պակսի էականը եւ մարդը իր արժանապատութիւնը կը կորսնցնէ - հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ու շարունակեց ըսելով - Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը մեզի կը յիշեցնէ թէ եկեղեցին պարտականութիւնը ունի Աստուծոյ սիրոյ փրկարար խօսքը հաղորդել, որպէսզի Աստուածային կոչը ամէն տեղ ունկնդրուի եւ ընդունուի։

Պենետիկտոս ԺԶ ապա նշեց վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի չորս սահմանադրութիւնները. Ծիսական` Sacrosanctum Concilium, Վարդապետական`Lumen gentium, Աստուածայայտնութեան` Dei Verbum եւ Հովուական` Gaudium et spes։

Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը կոչ մըն է որ ամէն օր վերագտնենք հաւատքի գեղեցկութիւնը զայն խորապէս ճանչնանք աւելի սերտ կապ մը հաստատելու համար մէր Տիրոջ հետ ու մեր քրիստոնէական կոչումը ապրելու մինչեւ վերջ - ըսաւ Սրբազան Հայրը Խօսքը եզրափակելով - ու ապա յայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը եւ Սուրբ Հոգիին շնորհքները որպէսզի իրականանայ տիեզերական եկեղեցւոյ հայրերու իղձը` ամէնուրէք հասցնել աւետարանը եւ Յիսուսը ճանչցնել որպէս կեանքի եւ ճշմարտութեան ճանապարհ ։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները։ Նշենք որ այսօրուընէ սկսեալ այլ լեզուներու շարքին, ամէն չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին խօսնակ մը, յանուն Սրբազան Հօր, արաբերէն լեզուով եւս ողջոյնի խօսք մը պիտի ուղղէ ուխտաւորներուն.

Սրբազան Քահանայապետը ի վերջոյ յատուկ ողջույնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն ու ապա բոլորին ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.