2012-10-10 10:32:58

Նոր Սւետարանացումի Սիւնհոդոսի Երրորդ Օր։
Խաղաղութիւն եւ զօրակցութիւն Սուրիոյ Ըընդհարումներու Զոհերուն


Սիւնհոդոսական հայրերու նայուածքը, որպէս եկեղեցականներ եւ հովիւներ, կ՛ուղղուի Սուրիոյ ընդհարումներու զոհ բնակչութեան ու այսպէսով երեքշաբթի 9 հոկտեմբերի աշխատանքներու սկիզբը, խաղաղութեան ի խնդիր միաձայն կոչ մը ուղղեցին, մտաբերելով գաղթականներու եւ տարապողներու հրատապ հարցը։
Աշխատանքային երկրորդ օրուայ օրակարգը կը նախատեսէր ընդհանուր բանավէճի շարունակութիւնը որուն ընթացքին միջամտութիւնները կեդրոնացան սիւնհոդոսական ընդհանուր նիւթին որ է նոր աւետարանութիւնը։Զեկոյցներու ընթացքին արծարծուող հարցերէն նշենք, առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւններու կեանքի օրինակին վրայ հիմնուելու անհրաժեշտութիւնը, նոր կորով ու խանդավառութիւն գտնելու կարիքը ու եկեղեցւոյ խղճի քննութիւն կատարելը։

Այսօր չորեքշաբթի առաւօտեան նիստերու ընթացքին կատարուեցաւ լեզուական խմբակներու զեկուցողներու ընտրութիւնները ու ապա տեղի ունեցան բանավէճէն առաջ տեղեկագրի մասին ելոյթներ, իսկ յետ միջօրէի նիստի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ Անգլիոյ Անկլիքան եկեղեցւոյ Առաջնորդ, Գանթէրպուրրիի Արքեպիսկոպոս` Գերապայծառ Րոան Ուիլիամսը որ կը ներկայացնէ նոր աւետարանութիւնը Անկլիքան եկեղեցւոյ տեսանկիւնէն։ Ժամը 18.30 Գերապայծառ Ուլիամսը հանդիպում կ՛ունենայ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի հետ Սիւնհոդոսական սրահի մէկ գրասենեակի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.