2012-10-10 12:48:50

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Վատիկանի Մէջ Կայացած Եպիսկոպոսական Համաժողովին։


Վատիկանի մէջ 7 Հոկտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապին նախագահութեամբ բացումը կատարուեցաւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց համաժողովին: Համաժողովի քննարկումին նիւթն է «Նոր աւետարանչութիւն` ի խնդիր քրիստոնէական հաւատքի տարածման»:
Արդարեւ, շուրջ երեք շաբաթներու ընթացքին կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները վերոյիշեալ նիւթը պիտի քննարկեն եւ համապատասխան որոշումներ պիտի տան:
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ եզակի այս համաժողովին իբրեւ դիտող մասնակցելու հրաւիրուած են շուրջ 15 ոչ կաթողիկէ եկեղեցիներ, որոնց կարգին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Յանուն Ս. աթոռին եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին յիշեալ համաժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ կաթողիկոսարանի Միջ-Եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի փոխվարիչ Մասիս վրդ. Զօպույեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.