2012-10-10 15:27:13

Հալէպի Ասորիներու Առաջնորդի Վկայութեամբ Սուրիոյ Քրիստոնեաները, Որպէս Հասարակութիւն, Զէնք Չունին։


Ասորի օրթոտոքսներու առաջնորդը` գերպապայծառ Մար Գրիգոր Իբրահաիմ,մամուլին հետ ունեցած ելոյթով իր վկայութիւնը տուած է Հալէպի քրիստոնեաներու ապրած դժոխքին մասին։ Սուրիոյ քրիստոնեաները, որպէս հասարակութիւն, զէնք չունին։ Հարիւրաւոր ընտանիքները արդէն փախուստի ճամբայ առած են եւ ուրիշներ կը պատարստուին նոյնը կատարելու։ Առաջնորդին գնահատումով Իրաքի քրիստոնեաներու իրավիճակը Սուրիոյ մէջ ալ կը կրկնուի։ Իրաքի եկեղեցին բնակութիւն հաստատած է Ամերիկայի ու Եւրոպայի մէջ, դառնալով ''սփիւռքի եկեղեցի'' մը։ Ասորի առաջնորդը յոյս յայտնած է որ Ս. Աթոռը միջամտէ ելք մը գտնելու Սուրիոյ հարցին։ Ան դառնութեամբ դիտել տուած է որ 1860-ական թուականէն այսօր քրիստոնեաներու թիւը Միջին Արեւելքին մէջ 70 տոկոսով նուազած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.