2012-10-09 13:57:28

ՄԱԿ-ի Պարենամթերային եւ Գիւղատնտեսական Կազմակերպութեան՝ FAO-ի Աշխարհի մէջ Քաղցի հայող նոր Տեղեկագրի Մամլոյ Ներկայացումը։


Այսօր Մարտ 9-ը Հռոմի մէջ FAO-ի կեդրոնը կայացաւ ՄԱԿ-ի երեք գործակալութիւններու այն է՝Պարենամթերային եւ Գիւղատնեսական կազմակերպութեան ,ապա Գիւղատնտեսական Զարգացման ֆոնտի եւ ՄԱԿի Պարենային Ծրագրի կատարած Մամլոյ ասուլիսը ,յորում ներկայացուեցաւ 2012-ի տարեկան տեղեկագիրը ՝՝Աշխարհի մէջ Սննդառական Անապահութեան Վիճակը՝՝ վերնագրով։
Տեղեկագիրը կը ներկայացնէ աշխարհի մէջ քաղցէ տառապող անձերու հայող վերջին տուեալները ու քաղցի համեմատութիւնները, կէտ առ կէտ ուսունասիրելով նոր տուեալները, ի յայտ բերելով միաժամանակ FAO-ի ի գործ դրած մեթոտաբանութեան բարւոքումը տուեալներու ճշգրտութեան ուղղութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.