2012-10-09 12:19:35

Հաւատոյ Տարուան Բացման Արարողութիւն 11 Հոկտեմբերին Վատիկանի Մէջ։


Հինգշաբթի 11 հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10-ին Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ գլխաւորած Սուրբ Պատարագի ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնական բացումը կը կատարէ, առաքելական գիրով հռչակած Հաւատոյ Տարուան, Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի 50րդ տարեդարձի առթիւ։ Սրբազան Քահանայապետին հետ կը համապատարագեն կարդինալական դասի անդամներ` Արեւելեան եկեղեցիներու Պատրիարքներ` Արքեպիսկոպոսներ եւ համայն աշխարհէն եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի մասնակից եպիսկոպոսները։Ասոնց շարքին նաեւ եպիսկոպոսներ որոնք մասնակցած էին, 50 տարի առաջ գումարուած, վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի աշխատանքներուն։

Նշենք որ այս յոբելեանի առթիւ, այսինքն Վատիկանի Բ տիեզերական ժողովի աշխատանքներու 50րդ տարեդարձին ու նաեւ Հաւատոյ Տարւոյն հռչակման առթիւ, 11 հոկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան, զանազան ձեռնարկներու շարքին, նախատեսուած է <<ջահագնացութիւն>> մը կազմակերպուած Իտալիոյ բանուորական շարժումի կողմէ որ մեկնելով Գասթել Սանդ Անճէլոյի հրապարակէն ու անցնելով Վիա Տէլլա Գոնչիլիացիոնէ պողոտայէն պիտի հասնի Սուրբ Պետրոսի հրապարակը։ Նորին Սրբութիւնը իր գրասեանեկի պատուհանէն պիտի ողջունէ ներկաները` յիշատակելու համար 11 հոկտեմբեր 1962-ին, իր նախորդին, Յովհաննէս ԻԳ երջանկայիշատակ Սրբազան Քահանայապետի կատարած անակնկալ պատմական ժեստը ու լուսինի մասին արտասանած նշանաւոր անպատրաստից խօսքը։
Գիշերուայ ընթացքին Հռոմի եկեղեցիները իրենց դռները բաց պիտի պահեն, հսկումի եւ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան ջերմեռանդական աղօթքներ կազմակերպելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.