2012-10-09 14:31:12

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Սիւնհոդոս եւ ունկնդրութիւն


Անգամ մը եւս աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսները Սրբազան Քահանայապետի կողմէ հրաւիրուած են Հռոմ։
Սիւնհոդոս։ այսինքն <<միասնաբար ընթանալ>>։ Մտիկ ընելու համար թէ ի՞նչ կը թելադրէ Տիրոջ Սուրբ Հոգին եւ ի՞նչ կը յայտնէ մեզի շարունակելու համար Եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը շիտակ ուղղութեամբ։
Սիւնհոդոսին չենք մասնակցիր միայն խօսելու համար, այլ նոյն չափով մտիկ ընելու։ Միասին ունկնդրել Աստուծոյ Խօսքը, միանքամայն ունկնդրել միւս եպիսկոպոսներու ձայնը ու աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ իրենց ունեցած փորձառութիւնը։
Շարունակելու համար իրար զիրար հասկացողութիւնը, հակառակ իրավիճակներու եւ մշակոյթի հսկայական բազմազանութեան, համադասելոու ենք տարբեր լեզուները կարեւոր նիւթերու շուրջ յանգելու նպատակաւ ընդհանրական լեզուի մը որ խօսի եկեղեցւոյ տիեզերականութեան ու անոր Կաթողիկէութեան (որ տիեզերական կը նշանակէ)։

Միւսին խոնարհ եւ ուշադիր ունկնդրութիւնը կը նշանակէ յաճախել Սուրբ Հոգիին դպրոցը։ Եթէ այս մէկը բացառիկ կերպով իրականացաւ վատիկանեան տիեզերական Բ ժոովի ժամանակ, կարելի է ու պէտք է, աւելի փոքր կերպով, իրականանայ Սիւնհոդոսի ընթացքին, ներկայացնելու համար եպիսկոպոսներու իսկական հաւաքականութիւնը Քահանայապետի շուրջ, եկեղեցւոյ առաքելութեան հոգատարութեան ուղիով։

Նոր Աւետարանացումի նիւթը հիմնական է նիւթ մըն է։ <<Վայ ինծի եթէ Աւետարանը չի քարոզեմ>> կ՛ըսէր Սուրբ Պօղոս իր կրքոտ նկարագրով։
Յառաջիկայ սիւնհոդոսական շաբաթները հետազօտական ուսումնաժողով մը չեն այլ հոգեւոր շրջան մը` խորապէս ապրուած, այն անձերէն որ գիտակից են թէ փրկութեան պատգամը վտանգի մէջ է, ու վտանգի մէջ այսօրուայ ու վաղուայ աշխարհի մէջ Յիսուսի ճանաչողութիւնը, որպէսզի երբ Մարդու Որդին դարձեալ գայ տակաւին հաւատք գտնէ երկրի վրայ։ Սիւնհոդոսական հայրերը իրար զիրար մտիկ ընեն եւ ունկնդրեն Սուրբ Հոգիի ձայնը ու մենք իրենց հետ միասին աղօթարար ընթանանք ։








All the contents on this site are copyrighted ©.