2012-10-09 13:51:01

Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի մասնակիցներու Յայտարարութիւնը:


Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացած «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագրով Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի 3-րդ եւ վերջին օրը Աղաւնաձորի մէջ տեղի ունեցան զեկուցումներ : Քննարկումներէն, հարց ու պատասխանէն յետոյ համաժողովի մասնակիցները հանդէս եկան հետեւեալ յայտարարութեամբ:(Ինչպէս ծանօթ է Համաժողովը վերջ գտաւ 6 Հոկտեմբերին)։

՝՝Յայտարարութեան մէջ հայկական լրագրողական համայնքի անդամները կը դիմեն միջազգային հանրութեան եւ այն պետութիւններու իշխանութիւններուն, որոնք չեն ճանչնար Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, թոթափել անտարբերութիւնը՝ չմոռանալով, որ միայն այդ ախտանիշն է բոլոր կործանումներու եւ չարիքներու հիմքը: ճանչնալ եւ դատապարտել 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը նշանակէ մարդկութիւնը հեռու պահել յետագայ չարիքներէն, ցեղասպանութիւններէն:
Իրենց յայտարարութեամբ մասնակիցները կը պահանջեն որ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ընդունին եւ յատուցեն Օսմանեան Թուրքիայի մէջ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ տարբեր ժամանակներուն հայ ժողովուրդի նկատմամբ գործած յանցանքները: Մասնակիցները վստահութիւն կը յայտնեն, որ Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն Սուրբ նահատակի յիշատակին յառաջիկային կը ծնին նոյնքան հայ մանուկներ, եւ կոչ կ՝ուղղեն 100 հազար ծպտեալ կրօնափոխ հայերուն որպէսզւ վերադառնան իրենց հայկական ինքնութեան ու արմատներուն:
Միաժամանակ գիտակցելով Ցեղասպանութեան հետեւանքով բռնագաղթուած վերապրողներու ժառանգորդները առաջին ընդունող Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայի տագնապալի վիճակը, Համահայկական Համաժողովի մասնակիցները իրենց անվերապահ եւ լրիւ աջակցութիւնը կը յայտնեն Սուրիոյ Ժողովուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.