2012-10-09 15:28:09

Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Ընծայարանի ժառանգաւոր Էլի Հատտատ կատարեց իր միաբանական խոստումը


Շաբաթ, 29 Սեպտեմբեր-ին (2012ին) Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Ընծայարանի ժառանգաւոր Էլի
Հատտատ կատարեց իր միաբանական խոստումը երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին:

Եղբայր Էլին, մէկ տարի փորձարական շրջանը աւարտելէ ետք, 30 Սեպտեմբերին մեկնեցաւ Հռոմ՝
Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան սկսելու համար համալսարանական իր ուսումները
Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանէն ներս:
Զմմառու Ընծայարանի տեսչութիւնը կը շնորհաւորէ իր ժառանգաւորը եւ իրեն կը մաղթէ
յաջողութիւններ համալսարանական ուսումներուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.