2012-10-09 13:25:47

7 - 11 Հոկտեմբեր Ցամաքամասային Աստուածաբանական Վեհաժողով Պրազիլի Սաօ Լէոբոլտօյի մէջ։


Վատիկանեան տիեզերական Բ Ժողովի 50-րդ Յոբելեանի առթիւ, 7 - 11 հոկտեմբեր ցամաքամասային Աստուածաբանական Վեհաժողով մը կազմակերպուած է Պրազիլի Սաօ Լէոբոլտոյ քաղաքի մէջ որուն կը մասնակցին աւելի քան 700 պատգամաւորներ, կազմուած եպիսկոպոսներէ, աստուածաբաններէ, ընկերային գիտութեանց մասնագէտներէ, եկեղեցականներէ եւ աշխարհականներէ, որոնք ցամաքամասի զանազան վայրերէն ժամանած են։
Վեհաժողովը կը քննարկէ <<Լատին ամերիկայի Աստուածաբանութեան եւ առաքելութեան դիմաց գտնուող մարտահրաւէրները մեկնելով մեր մշակութային, ընկերային, քաղաքական, տնտեսական, բնապահմանողական, կրօնական եւ եկեղեցական նոր միջավայրէն - յայտարարած է ՍոգգորոօՄարթինէցը, Վեհաժողովը կազմակերպող <<Ամէրինտիա>> ցանցի պատասխանատուներէն մին, մատնանշելով թէ վեհաժողովի ժամանակ նախատեսուած են զանազան բանախօսութիւններ, բանավէճեր, եւ աշխատանքային ուսումնաժողովներ որոնց ընթացքին կը շօշափուին Աստուածաբանութեան հետ համեմատուած նիւթեր ինչպէս <<տնտեսութիւն եւ աստուածաբանութիւն>>, <<բնապահպանութիւն եւ աստուածաբանութիւն>>, <<աստուածաբանութիւն եւ եկեղեցական նորոգում>> եւայլն։








All the contents on this site are copyrighted ©.