2012-10-08 12:20:19

Վերջ Գտաւ Լրագրողներու Համահայկական 6¬րդ Համաժողովը ՝՝Հայաստանի, Հայութեան Եւ Հայ Դատի Համազգային Շահերուն Ի Խնդիր Ծառայելու Առաջադրանքով՝՝։


6 հոկտեմբերին եզրափակուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրը կրող Լրագրողների համահայկական 6-րդ համաժողովը: Համաժողովի մասնակիցները Աղաւնաձորի մէջ եզրափակեցին ժողովը եւ հրապարակեցին յայտարարութիւն մը։:

Ապա անոնք առիթը ունեցան այցելելու Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարման կարեւորագոյն կառոյցները եւ ծանօթանալու Հայաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմինների գործունէութեան: Լրագրողներուն կ՛ընկերակցէր սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ երեք տարբեր կառոյցներ տրուած այցելութեան ընթացքին արտասանած ողջոյնի եւ շնորհակալական խօսքին մէջ ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ լրագրողներու համաժողովի գործունէութեան:
Արդարեւ, աշխարհի չորս ծագերէն, Հայաստանի մէջ համախմբուած լրագրողները այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ: Ողջունելով զանոնք` նախարարը բարձր գնահատեց սփիւռքահայ լրագրողներու աւանդը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայկական տարբեր հարցերու հետապնդման իմաստով: «Կը կարծեմ, որ այս համաժողովը մեծ կարեւորութիւն ունի: Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեր ժողովուրդին եւ հանրապետութեան ղեկավարութեան առաջնահերթ հարցերէն է: Անիկա ո՛չ միայն անհրաժեշտ է լոկ մեր ժողովուրդին, այլ նաեւ համայն հանրութեան` այսօր եւ հետագային նմանաբնոյթ ոճրագործութիւններէ խուսափելու համար», նշեց Ս. Օհանեան:

Խօսելով Հայաստանի զինեալ ուժերու մարտունակութեան մասին` Սէյրան Օհանեան հաստատեց, որ աշխատանք կը տարուի ունենալու պատրաստ ու չափազանց մրցունակ բանակ, որ կարողութիւն ունի իր դիմաց դրուած բոլոր մարտահրաւէրները շրջանցելու եւ որեւէ կացութեան հակազդելու: Ան կոչ ուղղեց աշխարհասփիւռ լրագրողներուն գործելու այնպէս, որ նպաստեն Հայաստանի պաշտպանութեան համակարգի ամրապնդման` դիտել տալով, թէ ներկայիս Հայաստանի դիմագրաւած դժուար վիճակին դէմ յանդիման կանգնելու եւ խոչընդոտները յաղթահարելու իմաստով մեծ է լրագրողներուն դերակատարութիւնը:

Ապա լրագրողները այցելեցին Հայաստանի Ազգային Ժողով, ուր զիրենք ընդունեց Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով, որ կարեւոր նկատելով սփիւռքեան մամուլի դերը սփիւռքի մէջ ապրողներուն աշխարհայեացքի ձեւաւորման ծիրին մէջ` դիտել տուաւ, թէ բազմաթիւ հերոսներ սփիւռքեան մամուլին շնորհիւ դաստիարակուած են իբրեւ հերոս: «Այսօր բազմաթիւ են մարտահրաւէրները, եւ մենք միասնական պէտք է ըլլանք` դիմակայելու զանոնք եւ հասնելու Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ժխտողականութեան դատապարտման», նշեց Է. Շարմազանով` դիտել տալով, որ սփիւռքի լրատուամիջոցները ազգային ոգիի, լեզուի ու մշակոյթի պահպանման, համահայկական խնդիրները նաեւ միջազգային հանրութեան պատշաճ կերպով ներկայացնելու իմաստով մեծ ներդրում ունին: Ան ներկայացուց Ազգային ժողովի կառուցուածքն ու օրէնսդիր մարմնի գործունէութեան ուղղութիւնները:

Անկէ ետք լրագրողները ուղղուեցան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն, ուր շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցան նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որ նշեց, թէ սփիւռքահայ լրատուամիջոցները մեծ դեր ունին հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան աշխատանքներուն մէջ:
Պատասխանելով լրագրողների հարցումներուն` արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց արցախեան հիմնախնդիրի հանգուցալուծման հոլովոյթը, Հայաստանի շրջանային քաղաքականութիւնը, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները, հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութիւնը, եւրոպական ընտանիքին մերձեցման քաղաքականութիւնը, արաբական, ասիական, լատինամերիկեան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը, միջազգային օրակարգի խնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները, Հայաստանի դերակատարութիւնը տարբեր միջազգային կառոյցներու մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.