Նոր աւետարանացումը եւ քրիստոնեական հաւատքի փոխանցում
7 - 28 Հոկտեմբեր, Վատիկանի մէջ կը գումարուի Տիեզերական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ԺԳ Սիւնհոդոսը,
որուն խորագիրն է «Նոր աւետարանացումը քրիտոնէական հաւատքի փոխանցումի ի սպաս»: Սիւնհոդոսին
գլխաւոր նպատակն է քննարկել եկեղեցիներուն իրավիճակը, լաւագոյնս ու խանդավառութեամբ աւետելու
Աստուծոյ խօսքը, ներկայ աշխարհին: Որովհետեւ, ինչպէս ըսած էր Գերապայծառ Էդերովիչը՝ եպիսկոպոսական
սիւնհոդոսին ընդհանուր քարտուղարը մէկ ասուլիսի մը ընթացքին. «Կ'ապրինք աշխարհի մը մէջ
որ մշտատեւ յեղաշրջումի մէջ է, աշխարհականացումը եւ կրօնական վերազարթնումը միասին կը
բանակցին մեր ժամանակշրջանին մէջ»։ Գերապայծառը կ՛աւելցնէ ըսելով որ դժբախտաբար մոլեռանդութեան
ու ծայռայեղութեան բազմաթիւ երեւոյթները, որոնք կը շահագործեն կրօնքը, արդարացնելու՝
իրենց բռնարարքներն ու ահաբեկչութիւնը, կը մթագնեն Աստուծոյ փնտռտուքի ու նուիրականին
հանդէպ շահագրգռութիւնը։
Ի տես բոլոր այս մարտահրաւէրներուն, եկեղեցին հրաւիրուած
է իր ուժերը հաւաքելու եւ լուրջ աշխատանք մը տանելու՝ Աստուծոյ խօսքը վերակենդանացնելու:
Եկեղեցւոյ բոլոր անդամները, կ՛ըսէ Պենեդիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կոչուած են վերարժեւորելու
իրենց քրիստոնեական արժէքները եւ այդ անփոխարինելի արժէքները արդիականացած միջոցներով
մատուցանելու բոլորին անխտիր։ Նոր աւետարանումը հիմնական է, որովհետեւ կը ցոլացնէ
այն բոլոր ջանքերը, զորս եկեղեցին պարտաւոր է առնել, որպէսզի կարենայ դիմագրաւել ընկերային
եւ մշակութային այն բոլոր մարտահրաւէրները եւ ուժեղ փոփոխութիւնները, որոնք եկեղեցւոյ
կեանքին կը սպառնան: Նոր աւետարանացումը, կ՛ըսէ Սրբազան Քահանայապետը, կը պահանջէ աւետումի
նոր ձեւեր, մանաւանդ այն քրիտոնթական աւանդութեամբ շրջանակներու մէջ, ուր աշխարհականացումը
ծանր հետքեր թողած է: Հետեւաբար, Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ, ինքնիր վրայ ծածկուիլ,
այլ՝ պարտի վերակենդանացնել իր անձական ուժերը, իր անձնական մարմինը, որ է Քրիստոս: Այսօր,
երբ Սրբազան Քահանայապետը՝ Եկեղեցին եւ եկեղեցականները կը հրաւիրէ Նոր աւետարանացումի,
չի նշանակէր որ ան կը ժխտէ կամ կը ստորագնահատէ անցեալին մինչեւ օրս եկեղեցւոյ կատարած
բոլոր ուսուցումները, եւ չի նշանակէր նաեւ որդեգրումը նոր ուսուցումի մը, որովհետեւ մէկ
է Քրիստոս եւ անոր վարդապետութիւնը մէկ է: Եւ որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս նոյնն է <<երէկ,
այսօր ու յաւիտեան>>։ Ուստի, նոր աւետարանացումը չի հայիր բովանդակութեան, այլ՝ մոտեցումին,
ոճին, ջանքին, ծրագրաւորումին, եւ առաքելութեան: Եկեղեցին հրաւիրուած է մատչելի դարձնելու
Աստուծոյ Խօսքը եւ զայն հասցնելու բոլոր մարդկանց: Այլ խօսքով՝ Աւետարանական ուսուցումը
պէտք է համապատասխան դառնայ ժամանակակից մարդուն: Նոր աւետարանացումը մարտահրաւէր մըն
է ուրեմն իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար, որպէսզի հռչակէ իր ստացած հաւատքը, եւ վկայէ
թէ ինչպէս զայն կ՛ապրի, առանց մոռնալու սակայն, թէ աւետարանացումը կը սկսի ինքնաւետարանացումով: 7
- 28 Հոկտեմբեր, 262 սիւնհոդոսական հայրեր միատեղ կը հաւաքուին միսանբար խորհրդակցելու
եկեղեցւոյ ուղեւորութեան մասին։ Որպէս Հաւատաեալներ միանանք անոնց մեր աղօթքներով։