2012-10-08 12:16:57

Մինչ Թուրքիա-Սուրիա Փոխադարձ Ռմբակոծումն Ու Լարուածութիւնը Կը Շարունակուին7 Անգարա Կ՛առաջարկէ Որ ֆարուք Շարեհ Փոխարինէ Ասսատը։


Բռնութիւնը չի դադրիր Սուրիոյ մէջ։ Իսկ Հալէպի մէջ ընդհարումը կը շարունակուի եւ երէկ գիշեր ռումբ մը պայթած է Դամասկոսի կեդրոնը։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա առաջարկած է, որ Սուրիոյ փոխ-նախագահ Ֆարուք Շարեհ ստանձնէ երկրին ղեկավարութիւնը` նախագահ Պաշշար Ասատի փոխարէն` նշելով, որ Շարեհ «ողջամիտ մարդ է» եւ կրնայ Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութեան գլխաւորման մէջ փոխարինել Ասատը:
Տաւութօղլու պնդեց, որ Աքչաքալէի վրայ արձակուած ռումբը միայն Սուրիոյ բանակը ունի` զարմանք յայտնելով այն մեկնաբանութեանց համար, թէ ռումբը կրնայ մէկ այլ կողմէ արձակուած ըլլալ: «Յամենայն դէպս, Թուրքիա գիտէ, որ իր հողամասերէն 12 քիլոմեթր հեռաւորութենէ արձակուած հրետանիի ռումբը ուրկէ՛ եկաւ եւ ո՛վ զայն արձակեց», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ռումբը 122 միլլիմեթրնոց է եւ արձակուած է «30Տի» տիպի հրետանիէ: «Ատոր հասցէն ծանօթ է: Այդպիսի ռումբ մը միայն սուրիական բանակին մօտ կը գտնուի», ընդգծեց Տաւութօղլու:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը կ՝ուսումնասիրէ ոտնձգութեանց շարունակման պարագային սուրիական վարչակարգին հակադարձելու բոլոր ընտրանքները:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթթա յայտնեց, որ իր երկիրը մտահոգ է սուրիական տագնապին ընդլայնումով եւ դրացի երկիրներ փոխանցուելուն առնչութեամբ:
Անդրադառնալով Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ փոխադարձ ռմբակոծման հարցին` Փանեթթա ըսաւ, որ իր երկիրը դիւանագիտական ուղիները կ՛օգտագործէ իր մտահոգութիւնը առնչակից կողմերուն փոխանցելու համար: Ան յոյս յայտնեց, որ տագնապը չընդլայնի:

Միւս կողմէ, Սուրիական ազատ բանակի` Դամասկոսի եւ Ռիֆ Տիմաշքի մէջ գործող «Պարա ջոկատ» զինեալ խմբաւորումը Դամասկոսի եւ Թեհրանի կ՝սպառնայ 48 ժամ ետք սպաննել Սուրիոյ մէջ առեւանգեալ իրանցիները, եթէ սուրիական վարչակարգը Ռիֆ Տիմաշքի դէմ իր յարձակումը չդադրեցնէ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պահանջեց անմիջապէս ազատ արձակել օգոստոսին առեւանգուած իրանցիները` զգուշացնելով, որ «Պարա ջոկատ»-ը անոնց կեանքին պատասխանատու պիտի նկատէ: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ Իրան միջազգային կազմակերպութիւններէն կը պահանջէ արգիլել այդպիսի արարքները եւ ամէն ջանք թափել Իրանի քաղաքացիները անմիջապէս ազատ արձակելու: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի այս հարցով հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակից Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ` «իրանցի այցելուներու ազատ արձակման նպատակով Թուրքիոյ օժանդակութիւնը խնդրելու համար»: Տաւութօղլու խոստացաւ, որ իր երկիրը պահանջուած օժանդակութիւնը պիտի տրամադրէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.