2012-10-06 10:50:45

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Շաբաթ 6 հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի իր գրասեանեակի մէջ հերթաբար ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Մարք Ուելլէն ու ապա Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Գիւրտ Գոխը որ, նշենք, վերջերս այցելած էր Հայաստանը։

Իսկ երէկ ուրբաթ յետ միջօրէին, Սրբազան Հայրը պատգամ մը ուղղած էր Վատիկանի ոստիկանական մարմնին, իրենց պահապան սուրբ` Միքայել Հրեշտակապետի տօնին առթիւ։ Նորին Սրբութիւնը գնահատանքը յայտնած է անոնց նուիրումի հոգիի եւ առատաձեռն գործունէութեան Սուրբ Պետրոսի յաջորդին ծառայութեան մէջ ու վատիկանի բնակիչներուն ու այցելուներուն անվտանգութիւնը եւ հասարակական կարգը ապահովելու համար։ Նորին Սրբութիւնը ապա յայցած է Տիրամօր եւ Միքայել հրեշտակապետի բարեխօսութիւնը ու բոլորին ուղղած է առաքելական յատուկ իր հայրկան օրհնութիւնը։

Վաղը կիրակի 7 հոկտեմբերին առաւօտեան ժամը 9.30-ին,Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ մատուցած ու գլխաւորած Սուրբ պատարագի արարողութեամբ, պաշտօնական բացումը կը կատարէ եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի 13րդ ընդհանուր ժողովին (7-28 հոկտեմբեր) որ ունի որպէս նիւթ <<Նոր աւետարանացում ի սպաս Քրիստոնէական հաւատքի փոխանցման>>։Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն կարդիկանալան դասի անդամներ ու սիւնհոդոսական բոլոր հայրերը որոնց շարքին նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ներսէս Պետրոս ԺԹ։
Սուրբ արարողութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը եկեղեցւոյ վարդապետ կը հռչակէ գերմանացի կրօնաւորուհի` Սրբուհի Հիլտէկարտ Տէ Պինկէն (1098 - 1179) եւ սպանացի քարոզիչ` Սուրբ Ժան տ՛Ավիլան (1500-1569)։
Նոր Աւետարանութեան եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի գործնական աշխատանքները սկիզբ կ՛առնեն երկուշաբթի 8 հոկտեմբերին եւ կը վերջ կը գտնեն կիրակի 28 հոկտեմբերին, Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած ու մատուցած հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.