2012-10-06 13:46:29

Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին Ծագումը։


Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը հաստատուած է Պօղոս Զ Սրբազան Քահանայապետի "Apostolica sollicitudo" - առաքելական հոգատարութիւն - իքնագիրով 15 սեպտեմբեր 1965-ին։ 22 սեպտեմբեր 1974-ին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Պօղոս Զ-ը եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը ներկայացուցած է որպէս <<եկեղեցական կառոյց որ հաստատուած է, հարցադրելով ժամանակաշրջանի նշաններու մասին, ու աւելի խորապէս ըմբռնելու համար Աստուածային ծրագիրը ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ գոյութիւնը, եւ մեկնելով վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովէն, սատարելու համար միութեան եւ համագործակցութեան ընդմէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն եւ Առաքելական աթոռին, եկեղեցւոյ պայմաններու համատեղ ուսումնասիրութեան միջոցաւ ու Անոր առաքելական հարցերու համապատասխան հաւաքական լուծումներ գտնելու համար>>։ Տիեզերական Ժողով մը չէ, խորհրդարան մը չէ այլ յատուկ բնոյթ ունեցող Սիւնհոդոս մը։>>
1967-էն ասդին գումարուած են, 25 սիւնհոդոսական նիստեր, ասոնցմէ ոմանք տիեզերական են իսկ մի քանիները յատուկ ցամաքամասի կամ երկրի նուիրուած սիւնհոդոսներ եղած են, ինչպէս զոր օրինակ 1980-ինը որ Հոլլանտայի նուիրուած սիւնհոդոս մըն էր, կամ 1991-ինը եւ 1999-ինը որոնք նուիրուած էին Եւրոպայի։1995-ին սիւնհոդոսը յատուկօրէն գումարուեցաւ Լիբանանու համար, մինչ 2010-ին յատուկ սիւնհոդոս մը գումարուեցաւ ի նպաստ միջին արեւելքի եկեղեցիներուն որուն աշխատանքներու պտուղը հանդիսացաւ << միջին արեւելքի մէջ եկեղեցին>> խորագրով առաքելական յորդորագիրը զոր Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, անցեալ 14-16 սեպտեմբեր Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, յանձնեց Միջին արեւելքի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համայնքապետերուն, եպիսկոպոսներուն ու նաեւ քաղաքական իշխանութիւններուն ու այլ կրօնական դաւանանքի պատասխանատուներուն։
7 - 28 հոկտեմբեր 2012 վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ տիեզերական եկեղեցւոյ ԺԳ ընդհանուր Սիւնհոդոսը որ ունի որպէս նիւթ <<նոր աւետարանացումը ի սպաս Քրիստոնէական Հաւատքի Փոխանցման>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.