2012-10-05 12:10:46

"Սուրիոյ Մէջ Պէտք Է Բոլորը Բանակցութեան Սեղան Նստին". Սերկէյ Լաւրով.


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ այլ երկիրներու ներքին հարցերուն չմիջամտելը ամրագրուած է ՄԱԿի ուխտով, եւ այդ սկզբունքը ոչ թէ Ռուսիոյ սիրոյն պէտք է յարգուի, այլ՝ որովհետեւ միջազգային օրէնքին մէջ հիմնական սկզբունք է անիկա: Ան ըսաւ, որ պէտք է դադրիլ Սուրիոյ մէջ ընդդիմութիւնը գրգռելէ եւ դադրեցնել զինեալ բախումները, որոնց շարունակութիւնը, ըստ երեւոյթին՝ «փափաքելի է ոմանց համար», մինչեւ որ տապալի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը, շեշտելով որ «բոլորը պէտք է բանակցութեան սեղան նստին եւ խաղաղ երկխօսութեան սկսին»:

Իր կարգին Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Քամալ Ամրօ յայտնեց, որ Եգիպտոսի կազմած եւ Սէուտական Արաբիայէն, Թուրքիայէն ու Իրանէն բաղկացած աշխատանքային քառեակի խմբակը «համաձայն է Սուրիոյ մէջ փոփոխութեան»՝ նշելով, որ «տարակարծութիւնը այդ փոփոխութեան հասնելու ձեւին մէջ է»: Ան նշեց, որ «սուրիական վարչակարգին զինուորական որեւէ օժանդակութիւն ուղարկելը՝ սպանութեան մասնակցութիւն է», եւ ընդգծեց, թէ Ասատ չի կրնար «յառաջիկայ որեւէ բանակցութեանց մասնակից ըլլալ»:
Նաեւ, Սուրիոյ մէջ Արդարութեան եւ Բարգաւաճման համար ազգային երիտասարդութիւն կուսակցութեան ղեկավար Պրուին Իպրահիմ յայտնեց, որ Գամիշլիի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ականահարումը «սալաֆական ահաբեկչութեան մատնահետքերը կը կրէ, եւ անոր նպատակն էր քիւրտերը Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բռնարարքներուն մէջ ներքաշել»:








All the contents on this site are copyrighted ©.