2012-10-05 11:45:54

Մամլոյ Ասուլիս Ներկայացնելու Նոր Աւետարանացումի Մասին Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսը:


Ուրբաթ 5 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10.30-ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենաեկի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար` գերապայծառ Էթէրովիչը մամուլին ներկայացուց, 7 - 28 հոկտեմբեր, վատիկանի մէջ կայանալիք, եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի 13րդ ընդհանուր ժողովը որ ունի որպէս նիւթ << Նոր աւետարանացում ի սպաս Քրիստոնէական հաւատքի փոխանցման>>։
Նշենք որ Սիւնհոդոսի բացումը տեղի կ՛ունենայ կիրակի 7 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոսի մէջ Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած Սրբազան aրարողութեամբ որուն պիտի մասնակցին սիւնհոդոսական բոլոր հայրերը։ Որպէս Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու անդամ` իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք` Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ։
Նշենք նաեւ որ վերոյիշեալ Սիւնհոդոսին հրաւիրուած են նաեւ Քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ` Գեւորգեան Աստուածաբանութեան մասնաճիւղի տնօրէն Արհիապատիւ Գէւորգ Սրբազան Սարոյեանը իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ սիւնհոդոսին ներկայ կը գտնուի Հայր Մասիս Զօպուեան` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան քրիստոնէական դաստիարակութեան մասնաճիւղի տնօրէն։
Սիւնհոդոսական աշխատանքները կը սկսին երկուշաբթի 8 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին եւ նոյն օրը ժամը 12.45-ին, միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենաեկի մէջ նախատեսուած է, Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի 13րդ Ընդհանուր Հաւաքին (7-28 հոկտեմբեր 2012), << Բանավէճէն առաջ Տեղեկագիր>> ի ներակայցումը ։
Աւելցնենք որ Սիւնհոդոսական Հայրերը յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Սրբազան Քահանայապետին, Հաւատոյ Տարւոյն բացման արարողութեան առթիւ, մատուցած Սուրբ Պատարագին։







All the contents on this site are copyrighted ©.