2012-10-05 12:10:59

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Կառավարութիւնը ՝՝Լիազօրեց՝՝ Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Գործողութիւններու Ձեռնարկելու։


Թուրքիոյ խորհրդարանը երէկ վաւերացուց կառավարութեան դիմումը, որ վերջինիս կը լիազօրէ անհրաժեշտութեան պարագային Թուրքիոյ սահմանէն դուրս զինուորական գործողութիւններ կատարելու:
Խորհրդարանը այդպիսով կառավարութեան լիազօրութիւն տուած կ՛ըլլայ «սուրիական բանակին կատարած յարձակումներու առնչութեամբ զինուորական յարմար որոշում մը տալու»:
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութենէն եւ ընդդիմադիր Ազգայնական Շարժում կուսակցութենէն 320 երեսփոխաններ դիմումին թեր քուէարկեցին, իսկ ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութենէն եւ Քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն 129 երեսփոխաններ` դէմ:
Որոշումի որդեգրումէն ետք Թուրքիոյ փոխ-վարչապետ Պէշիր Աթալայ յայտարարեց, որ խորհրդարանին վաւերացուցած փաստաթուղթը «որեւէ պետութեան կամ կողմի դէմ պատերազմ յայտարարելու լիազօրութիւն չէ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.