2012-10-05 13:14:15

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ


Երրորդ շաբաթ Խաչին ­ Տօն Վարագայ Խաչին
(30 Սեպտեմբեր – 6 Հոկտեմբեր 2012)
Կիրակի 30 Սեպտեմբերին, կը տօնենք Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը, տօն մը որ զուտ հայկական է, որովհետեւ կը յիշատակէ Սուրբ Խաչի մէկ մասունքին գիւտի տօնը, որ տեղի ունեցած է 660 թուին, Վասպուրականի Վարագ լերան մէկ գագաթին վրայ, Թոդիկ անունով հայ ճգնաւորի մը կողմէ։ Յետ երկարատեւ աղօթքի, սոյն կրօնաւորը տեսած է տասներկու լուսաւոր սիւներ, որոնց մէջ կը փայլէր Սուրբ Խաչի մասունքը, որ հոն պահուած էր հալածանքներու վախէն։
Այս մասունքը մինչեւ անցեալ դարու վերջերը տակաւին կը պահուէր Վան քաղաքի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ մէջ. Այժմ անոր տեղը անյայտ է. Սակայն եկեղեցւոյ փլատակները տակաւին գոյութիւն ունին եւ կը պահուին մեծ երկիւղածութեամբ քիւրտ ընտանիքի մը կողմէ։
Երկուշաբթի կը տօնենք Սուրբ Դաւիթ Դվնեցին. Զաւակն էր պարսիկ հօր եւ հայ մօր. Բուն անունով` Սուրհան, իր զինուորական ծառայութիւնը կ՛ընէ Հայաստանի մէջ, արաբական տիրապետութեան տակ։ Քրիստոնեայ կը դառնայ եւ կը մկրտուի Ներսէս Շինող կաթողիկոսի ձեռամբ, օգտուելով Հայաստանի մէկ անկախ կառավարութեան շրջանէն։ Սակայն երբ դարձեալ արաբները կը տիրապետեն, զինք կը բռնադատեն ուրանալու եւ վերադառնալու իսլամութեան, ինչ որ կը մերժէ Դաւիթ եւ կը մեռնի խաչուելով եկեղեցւոյ դրան առջեւ, 701 թուին։
Նոյն օրը կը տօնենք նաեւ Նիկոմիդիացի երկու նահատակներ, որոնք քոյր եղբայր էին, Ղամբէոս եւ Ղամբէուհի։
Ըստ լատինական ծէսին, երկուշաբթի 1 հոկտեմբերին կը տօնենք նաեւ փոքրիկն Սրբուհի Թերեզայի տօնը, որ ապրեցաւ ԺԹ. Դարուն ֆրանսայի Լիզիէօ քաղաքին մէջ։ 24 տարեկանին մահացած այս Սրբուհին կեանքի մեծ օրինակ է բոլոր աշխարհի կրօնաւորուհիներուն։
Երեքշաբթի օրը կը տօնենք Հռովմայեցի լման ընտանիք մը, Սուրբ Եւստաքիոս զօրավարը, իր կինը Թէոպիստէ եւ իրենց երկու զաւակները` Ագապիոս եւ Թէոփիստոս։ Որսի մը ընթավքին` հեթանոս զօրավարը կը տեսնէ եղնիկի մը եղջիւրներուն մէջ լուսափայլ սուրբ խաչ մը. Այս տեսիլքի ազդեցութեան տակ, Եւստաքիոս ընտանեօք կը խնդրէ մկրտուիլ։ Սակայն Տրայանոսի հալածանքներուն ժամանակ` բոլորը միասին կը նահատակուին, հաստատ մնալով իրենց հաւատքին մէջ։
Հինգշաբթի տօնն է երկու հայ իշխաններու, Սահակ եւ Համազասպ։ Այս երկու եղբայրները որդիներն էին Գագիկ Արծրունի իշխանին։ Անոնք ղեկավարած էին Վասպուրականի մէջ ապստամբական շարժում մը, ընդդէմ արաբական իշխանութեանց։ Երբ Արաբները վերստին տէր դարձան Հայաստանի, ուզեցին պատիժի ենթարկել ապստամբութեան պարագլուխները։ Նախ բազմաթիւ տանջանքներով փորձեցին դաւանափոխ ընել զիրենք եւ մղել ընդունելու իսլամական կրօնը. Երկար ամիսներ երկու քաջարի եղբայրները ընդդիմացան եւ հաստատ մնալով իրենց քրիստոնէական հաւատքին մէջ, ի վերջոյ գլխատուեցան 786 թուականին, ծննդեան ութօրէքին մէջ։
Շաբաթ օրը տօնն է Քրիստոսի 72 աշակերտներուն։ Ըստ աւանդութեան, այս թիւը աշակերտներուն մեզի հասած է շնորհիւ ոչ կանոնական աւետարաններու։ Գիտենք միայն թէ Յիսուս, բացի տասներկու առաքեալներէն, ունէր նաեւ բազմաթիւ աշակերտներ, որոնք օգնականներն էին Առաքեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.